2016-05-17 09:23:00

Վիեննայի մէջ նախագահ Սարգսեան հանդիպեցաւ Ատպրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ


Երկուշաբթի, 16 մայիս 2016-՝ին, Վիեննայի մէջ ուշ գիշերին սկսաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ: Այս մասին Twitter-ի իր էջով կատարած արձանագրութեամբ՝ տեղեկացուցած է ՀՀ նախագահի մամուլի  քարտուղար Վլատիմիր Յակոբեան:

Ուշ երեկոյեան պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ Ապրիլի ընթացքին զինադադարի կոպիտ խախտման պատճառով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները: Համանախագահող երկիրներու  ներկայացուցիչները պնդած են 1994-ի 1995-ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու անշեղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է քայլեր ձեռնարկելու` անոնց իրականացման մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքենականութեան ներդրման, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւնները աւելցնելու, տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթի հաւանական վերսկսման ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում ունեցած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի մամուլի գրասենեակէն:

Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են շրջանի զարգացումներուն եւ անվտանգութեան սպառնացող ներկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Այդ ծիրէն ներս՝ հանգամանալից կերպով անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սահմանագօտիին մէջ անցեալ ամսուան սկիզբը զինադադարի կոպիտ խախտման իբրեւ հետեւանք յառաջացած լարուածութեան աճին եւ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու կարելիութիւններուն:

Նախագահ Սարգսեան` ներկայացնելով հայկական կողմին դիրքորոշումը բանակցային հոլովոյթի վերսկսման վերաբերեալ՝ կարեւոր նկատած է 1994-ի զինադադարին եւ 1995-ի զինադադարի դրութեան ամրապնդման վերաբերող համաձայնագիրներու անվերապահ կատարման անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ տագնապի լուծման համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման ծառայող առաջին քայլ:

Ֆ. Մոկերինի վերահաստատած է Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու ջանքերուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած սատարելու տագնապի գօտիին մէջ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու գործադրութեան: Այդ առումով հայկական կողմը կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնները տագնապէն տուժած շրջաններ:

Երկուստեք յոյս յայտնած են, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ Վիեննայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումները կը նպաստեն ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման, շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին, որուն մէջ` առանձին մարզերու մէջ համագործակցութեան:

Աւելի ուշ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ նախագահ Սարգսեան քննարկած է Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի կոպիտ խախտման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու կարելիութիւնները: Կարեւոր նկատելով Մինսքի խմբակի համանախագահողներուն 12 Մայիսի յայտարարութիւնը` նախագահ Սարգսեան նշած է, որ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման համար անհրաժեշտ է ապահովել 1994-ի զինադադարի մասին եւ 1995-ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագիրներու լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքենականութեան շուտափոյթ ներդրումը: Ընդգծուած է այն փաստը, որ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները նախաձեռնած են այդ հանդիպման:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է, որ անոնք նոյնպիսի հետեւողականութեամբ իրենց հասցէագրուած դիրքորոշումներով ու յստակ քայլերով նպաստեն բանակցութիւններու վերսկսման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման: Կողմերը անգամ մը եւս վերահաստատած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ անհրաժեշտ է հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ գտնել փոխադարձաբար ընդունելի լուծման մեքենականութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.