2016-05-17 13:20:00

''Հայաստանը է եւ կը մնայ Աստուածային ''պիպլիական'' երկիր'' ըսաւ Գերապայծառ Միրիաթեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ  24 -26 Յունիս  2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Հայաստան երկիրը։ Այս առթիւ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը զրոյց մը ունեցաւ Բերիոյ  Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին հետ, անոր հետ անդրադառնալով առաքելական այդ պատմական ճամբորդութեան նշանակութեան մասին ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ ու հայ հասարակութեան ակնկալիքներու մասին։

Գերապայծառ Միրիաթեան Քահանայապետի Հայաստան կատարելիք առաքելական այցելութիւնը նկատեց որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդում ինչպէս նաեւ հրաւէր` Հայ ժողովուրդի զաւակներուն, կառչած մնալու իրենց պապենական հաւատքին ու ձգտելու միշտ խաղաղութեան։ 

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը ակնարկեց ապա այցելութեան ծիրէն ներս Հայ ազգին Քահանայապետին ցուցաբերելիք երախտագիտութեան, անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին, Հայոց նահատակներուն ի յիշատակ սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ  մատուցած սուրբ պատարագին համար, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ, ապա հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Հայաստանի մէջ, կանգ առնելով Արարատին դիմաց եւ այցելելով  Խոր Վիրապը պիտի կարենայ մօտէն շօշափել  թէ Հայաստանը է եւ կը մնայ Աստուածային ''Պիպլիական'' երկիր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.