2016-05-17 09:39:00

Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան միջ-դպրոցական զարգացման մրցում


Շաբաթ, 14 Մայիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան (ՀԿՀՄ) կազմակերպած միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որ տեղի ունեցաւ յաջորդական հինգերորդ տարին ըլլալով, եւ որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 8 երկրորդական վարժարաններ:

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճի, Հայ Աւետարանական Գոլէճի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանի, Հայ Կաթ. Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի եւ ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 4 հոգինոց խմբակներ մրցեցան իրար դէմ, նախապէս սերտած ըլլալով Միութեանս պատրաստած «Հայերէն Երգենք» խորագրեալ գրքոյկը եւ անոր մէջ նշուած երգերու կատարողութիւնը ընդգրկող զոյգ ձայնասկաւառակները, որոնց միջոցով ՀԿՀՄ-ը կը միտի հայ աշակերտին մօտ զարգացնել հայ երգին իմացութիւնը, անոր ծանօթացնել հայ երգերու խօսքերուն եւ երաժշտութեան հեղինակներուն, հայկական երաժշտութեան ընկերակցուղ նուագարաններուն, ինչպէս նաեւ խրախուսել նոր սերունդը՝ հայ երգը երգելով անմահացնելու:

Հայ լեզուի դասատուներէ կազմուած դատական եռանդամ կազմը իր որոշումը կայացնելէ ետք, մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճը (98/100), երկրորդ դիրքը՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը (93.5), իսկ երրորդ դիրքը՝ ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը (91.5):

Ժամը 5:30-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական պարգեւատրում, ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեանի, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովորդապետ՝ գերապատիւ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ վաստակաշատ լրագրող Տիար Սարգիս Նաճարեանի:

Մասնակից բոլոր խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ, իսկ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճի խմբակը առաջին հանդիսանալով ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը, ինչպէս նաեւ յաղթական խմբակի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 ամ. տոլարի գումար մը:

Դեսպան Մկրտչեան սրտի խօսք մը արտասանելով բարձր գնահատեց Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան նախաձեռնութեամբ այս օգտաշատ մրցումը մասնաւորապէս եւ Միութեան կատարած աշխատանքները ընդհանրապէս, որոնք կը նպաստեն լիբանանահայ գաղութին եւ հայ աշակերտին:

Իր կարգին ՀԿՀՄ-ը կը շնորհաւորէ բոլոր մասնակից աշակերտները, կը գնահատէ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ծրագրի իրականացման, յատկապէս հայ երգի անխոնջ ջատագովներէն եւ գլխաւոր պահապաններէն՝ Խաչատուրեան ընտանիքին, որուն ԳՈՀԱՐ Համոյթը հայ մշակոյթի երկնակամարը լուսաւորող փայլուն աստղն է:

ՀԿՀՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.