2016-05-17 10:03:00

Թագուհի Հայաստանի եւ Արցախի, Պահէ՛ մեր ազգը


Խաչեալ Յիսուսին աստուածային ամենամեծ նուէրը եղաւ նախ՝ ամենասուրբ Հաղորդութիւնը, ապա՝ Տիրամայրը:

Այս ճշմարտութիւնը պատմական եւ աստուածաբանական է. Մարիամ պաշտօնապէս մեզ ստացաւ իբր զաւակ եւ մենք ընդունեցանք Մարիամը խաչով եւ Խաչեալէն:

Գողգոթայի վրայ՝ զաւակներուն սրտակցութիւնը անհրաժեշտ է անոր նկատմամբ. Ան Մայրն է բոլորիս, Աստուծմէ ընտրուած:

Յիսուս Քրիստոս՝ ինքնին գթութիւնը, բա-րեսիրութիւնը, ողորմութիւնն ու սէրը մար-դացաւ ու մարմնացաւ Մարիամի անարատ սրտին մէջ: Այսպէս Մարիամ դարձաւ Աստուա-ծային Մայրը ողորմութեան ես սիրոյ. առանց Մարիամի չկայ Յիսուս, քանի որ առանց մօր մը չկայ որդի: Հայ մատենագրութենէն ստուգապէս գիտենք թէ մեր հաւատքի հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, քարոզեց Քրիստոսի կուսական յղացումը եւ ծնունդը մօրմէն եւ դաւանեցաւ Մարիամի կուսամայր ըլլալը:

Հայ Եկեղեցւոյ մաշտոցը եւ շարակնոցը շատ յստակ են իրենց բանաձեւերու մէջ. «Մայր եւ կոյս, աղախին Քրիստոսի, որ բարեխօս ես աշխարհի» աղօթքը:

Առաջին դարերէն ի վեր, հայ ժողովուրդը այնքան սիրեց Խաչեալը եւ խաչելութիւնը, որ հաւասար սիրով եւ յարգանքով շարունակեց սիրել Քրիստոսը եւ Իր մայրը: Այնքան առաջնակարգ տեղ ունեցաւ Սուրբ Կոյսը հայ ժողովուրդին մօտ որ մեր սուրբ Հայրերը ուզե-ցին սուրբ պատարագին սկզբնաւորութեան աղօթքը իրեն նուիրել, երբ կ'ըսենք «եւ վասն Սրբուհւոյ Աստուածածնին, Տէր, ընկալ զաղա-չանս մեր»: Արեւելքի ժողովուրդը զգացական ըլլալով՝ կը նկատէ թէ ինչպէս մանուկը կառչած է իր մօր, նոյմպէս հայն ալ կապուած է իր Տիրամօր եւ միշտ խնդրած է անոր բարե-խօսութիւնը: Մաքրամաքուր Կոյսը մեծարուած է համայն մարդկութենէն: Հայ ժողովուրդը իր Եկեղեցիով Տիրամօր կը փառաբանէ զինքը՝ վանքեր ու եկեղեցիներ նուիրելով: Մենք կ'ընդունինք Սուրբ Կոյսը որպէս անթառամ ծաղիկ, մայր գթած եւ մայր Հայաստանի ու Արցախի:

Ամենասուրբ Կոյսը՝ Աստուածամայրը, եղաւ բարեխօսը մեղաւորներուն եւ ապաստանը՝ տառապողներուն, հաւատարիմ աղախինն ըլլալով մեր Արարիչին: Մարդ Աստուծոյ Մայր ըլլալով՝ Տիրամայրը կը փոխէ մարդկութեան պատմութեան ընթացքը եւ իմաստ կու տայ մեր գոյութեան եւ մեկնակէտը կը դառնայ փրկչա-գործութեան: Սուրբ Կոյսը մարդկային պատ-մութեան միջամտութեան ծրագրին մէջ կը հանդիսանայ իբր նոր Եւան եւ անոր միջոցաւ կը փոխանցուի մարդ արարածին իսկական ուրախութիւնը: Միթէ՞ Մարիամ չէր որ անկա-րելին կարելի դարձուց: Միթէ՞ ան չեղաւ պատ-ճառը որով Յիսուս ստիպուեցաւ Իր առաջին հրաշքը գործել՝ Կանայի հարսանիքի ընթաց-քին: Անտառակոյս կը հաստատեմ թէ Մարիամ միշտ բարեխօս ու նեցուկ հանդիսացաւ Աս-տուծոյ դիմող կարօտեալին:

Մարիամ՝ հաւատքով լեցուն խոնարհ արա-րածը կը յաղթանակէ կեանքի բոլոր դժուա-րութիւններուն ու խոչընդոտներուն մին-չեւ իսկ ականատես վկայ ըլլալով Միածին Որդիին խաչելութեան:

Ան մեզի կը սորվեցնէ չյանձնուիլ յուսա-հատութեան եւ մարդկային տկարութիւններուն, եւ ոչ մէկ ընդվզում արտայայտել Աստուծոյ անըմբռնելի ծրագրին դէմ:

Աւետարանը յստակօրէն կը յիշեցնէ թէ Մարիամ կանգուն էր խաչին առջեւ: Ո՞ր մայրը արդեօք կարող էր դիմանալ նման վիշտի, հարազատ որդիի չարչարանքներուն եւ մահ-ուան:

Կ'ուզեմ գրութիւնս փակել՝ մէջբերելով Յով-հաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին ուղղած խօսքը՝ Հայ Ազգի Քրիստոնեայ դառնալուն 1700-րդ ամեակին առիթով. «Իմ մտածումս կ'ուղղուի Քեզի 'Մայր լուսոյ Մարիամ սուրբ Կոյս. որ զլոյսն առ ի Հօրէ ծնար մարմնով. եւ եղեր արեւելք արեգականն արդարութեան'»: Մեծար-ուած խոր սիրով Աստուածածին կոչումով, ան ներկայ է այդ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան բոլոր վայրկեաններուն մէջ: Բա-ցի Սուրբ Պատարագի խորհրդակատարութեան եւ Ժամերգութեան մէջ ամէնօրեայ յիշատակու-թենէն, Եկեղեցւոյ աղօթքը տարուան ընթացքին տօներ կը նախատեսէ, որոնք Աստուածամօր կեանքը եւ կարեւոր խորհուրդները կը յիշա-տակեն: Օգնական Կոյսը՝ Մարիամ, մեծարուած է որպէս Հայաստանի եւ Արցախի Թագուհի:

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.