2016-05-16 09:40:00

Գաղթական քրիստոնեաները կը ստիպուին Քիւրտիստանի ի սպաս վաւերաթուղթ մը ստորագրել։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի մէջ Քիւրտերու կողմը անցնող քրիստոնեաները պարտադրուած են ստորագրել վաւերաթուղթ մը Քիւրտիստանի ստեղծումին ի խնդիր։ Քիւրտական ապաստանող  Քաղդէացի, Ասորի ու Աշուրի քրիստոնեաները պարտաւորուեցան ստորագրել վաւերաթուղթ մը որով կը պահանջեն ազատ անկախ Քիւրտիստանի միջազգային ճանաչումը։ Վաւերաթուղթը կը խնդրէ ազատ անկախ Քիւրտիստանի հռչակումը ու ճանաչումը միջազգային գետնի վրայ։

Բաժանումի խնդրագիրը կը նպատակադրէ բաժանումի ստեղծումը ու կ´ականէ խաղաղ համակեցութիւնը Իրաքցի համայնքներու միջեւ։ Իրաքցիներու մեծամասնութիւնը արդարեւ անկախ ու անբաժան Իրաք մը կ´ուզէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.