2016-05-16 09:33:00

Աշխարհի մէջ 275 միլիոն մանուկներ զոհ են բռնաբարութեան ընտանեկան յարկէն ներս։


(Ռատիօ Վատիկան)  15 Մայիսին Ընտանիքի միջազգային օրն էր, ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է հրաւիրելու հանրային կարծիքը խօսելու ընտանեկան յարկէն ներս բռնութեան զոհ մանուկներու մասին։ Այս երեւոյթը արդարեւ դարձած է գլխաւոր պատճառներէն մէկը` ընտանիքի քայքայումին։ Իտալիոյ մէջ աւելի քան 91 հազար մանուկներ զոհ են խոշտանգումի եւ աւելի քան 30 հազար մանուկներ կ´ապրին բաժնուած իրենց ընտանիքներէն։

''Sos Villagge'' մանուկներու օգնութեան հասնող կազմակերպութիւնը կ´աշխատի ընտանեկան միջավայր մը ստեղծել բռնաբարումի զոհ մանուկներուն համար։ Կազմակերպութիւնը գիտակից է թէ ոչ մէկ մանուկ կը ծնանի առանձին աճելու համար։ 27 Մայիսին Մանուկներու ու անչափահասներու իրաւունքի ճանաչումին 25-րդ տարեդարձին առթիւ ՄԱԿի կողմէ Sos Villagge իր դռները բաց պիտի պահէ մէկ շաբաթուայ մը համար, առիթ տալու այցելուներուն մօտէն ճանչնալ անոր կառոյցները ու տածած խնամատարութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.