2016-05-14 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն կատարեց անկարներու կեդրոնի մը հասարակութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան յոբելինական Սուրբ տարուան ծիրէն ներս, ուրբաթ, 13 մայիս 2016-ի՝ յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ անակնկալ այցելութիւն շնորհեց Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող ՝՝Chicco-Հատիկ ՝՝անուան բարեսիրական հասարակութեան։

Նշենք, թէ ՝՝Chicco-Հատիկ ՝՝անուան հաստատութիւնը հիմնուած է 1964-ին, եւ կը գործէ  աւելի քան 30 երկիրներուն մէջ։ Իտալիոյ մէջ հաստատութիւնը հիմնուած է 1981-ին, որուն մէջ հիւրընկալուած են նաեւ 18 մտային հիւանդութենէ տառապող անձեր։

Սրբազան Հայրը բարեսիրական կեդրոն ժամանումին, անակնկալի մատնեց կեդրոնի պատասխանատուները, կամաւորներն ու հիւանդները ապաւ անոնց հետ բաժնեկցեցաւ յետմիջօրէին նախընթրիքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ  կեդրոնի մէջ  զրուցեց կեդրոնի կամաւորներուն , հիւանդներուն, անկարներուն ու   անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Այցելեց   ու օրհնեց կեդրոնի  զանազան բաժանմունքները, ապա պահ մը կանգ առաւ  կեդրոնի մատրան մէջ՝ ծածուկ աղօթք  կատարելով։

՝՝Հատիկ՝՝  կեդրոնի պատասխանատու Տիար Մարքօ Վերոնեզի Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, յարեց, թէ Նորին Սրբութեան անակնկալ  այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է կեդրոնի   հիւանդներուն  ու աշխատաւորներուն ։ Սրբազան Հայրը պարզութեամբ մտիկ ըրած  է կեդրոնի հիւանդներուն իւրաքանչիւրի կեանքի պատմութեան ու անոնցմէ խնդրած է, որ իրենց ապրած ուրախութիւնը սփռեն  աշխարհին,  հուսկ՝   խնդրած է որ աղօթեն իրեն համար։ 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.