2016-05-14 13:51:00

Վանականութին


Սէր եւ Ծառայութիւն

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ վանականութիւնը մեծ դեր ունեցած է։ Վանքերու մէջ զարգացած է հոգեւոր եւ ներանձնական կեանքը. վանականներ ժողովուրդին մատուցած են հոգեւոր եւ դաստիարակչական ծառայութիւն։ Վանքերու մէջ նուիրեալ անձեր իրենց կեանքը դրած են ի սպաս մշակոյթի զարգացման. վանականներ մեծ անձնազոհութեամբ կատարած են գրական անզուգական առաքելութիւնը։ Անոնք նպաստած են նաեւ տնտեսութեան՝ հողամշակութեամբ, անասնապահութեամբ եւ արհեստագործութեամբ։

Հայաստանի վնականութեան նուիրուած մենագրութիւնները վաստակն են Գիւտ եւ Յուսիկ եպիսկոպոսներուն. Ոսկեան, Ակինեան, Ամատունի, Եարտըմեան, Հացունի Հոգեւորականներուն։ Այդ ուսումնասիրութիւններու մէջ ներկայացուած են բազմաթիւ վանքեր իրենց պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով, ինչպէս Հ. Համազասպ Ոսկեանի բազմահատոր աշխատութեան մէջ։ Ներկայացուած է վանականութեան պատմութիւնն ու զարգացումը, վանականութեան կանոնական կարգավիճակը՝ եկեղեցւոյ կառոյցէն ներս։ Ուսումնասիրուած են վանական հոգեւոր եւ կենցաղային առօրեան եւ սովորութիւնները, վանականներու բազմապիսի նուիրման կերպերը։ Կան նաեւ այլ ուսումնասիրութիւններ, որոնք աւելի ճարտարապետական կամ զուտ պատմական բնոյթ ունին։

Հակառակ այս յիշեալ ուսումնասիրութիւններուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վանականութեան աւանդութիւնը, պատմութիւնը եւ ներկան կը կարօտին յաւելեալ հետախուզումներու, որովհետեւ վանականութիւնը հաստատութիւն մըն է, որ կը նկատուի Եկեղեցւոյ հիմնական սիւներէն մին, եւ միշտ կը կարօտի նորոգումի՝ հիմնուած աւանդութեան եւ որոշ սկզբունքներու վրայ, որոնք իրենց արմատն ու խորքը ունին Աստուածաշունչի մէջ։

Քրիստոնէութեան կրօնաւորական կեանքը առաջին դարերուն զարգացած է Միջագէտքի կամ Ասորիքի, Եգիպտոսի եւ յունական աշխարհի մէջ։ Արդէն առաջին դարերուն մարդիկ քաշուած են անապատներ՝ ներանձնական կեանք վարելու եւ սրբանալու նպատակով։

Անապատականութիւնը Հայաստան անցած է արդէն առաջին դարերուն. չունինք պատմական տեղեկութիւններ սկզբնական շրջանի մասին։ Մեզի ծանօթ է միայն Ոսկեանց աւանդութիւնը, որուն Յուսիկ Եպիսկոպոս աւելի մանրամասն անդրադարձած է։

Մեր պատմագիրներուն մօտ աւելի տեղեկութիւններ կը գտնենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասին, որ իր ձեռնադրութենէն ետք, Կեսարիայէն դարձին՝ հետը կրօնաւորներ կը բերէ Սեբաստիայէն։ Պատմագիրներու մօտ կը յիշուին կրօնաւորներու ամբողջ խումբեր։ Հետեւաբար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նախաձեռնութեամբ է, որ կրօնաւորական կեանքը մեծ թափով կը տարածուի Հայաստանի մէջ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կրօնաւորները կամ վանականները կը տեղաւորէ “շէն ու անապատ տեղեր, քարայրներու եւ անձաւներու մէջ, բարձունքներու վրայ եւ ձորերու մէջ։” Ս. Գրոգոր կ’առանձնանայ քանի մը աշակերտներու հետ, ապրելով իբր միայնակեաց “ծերպերու եւ այրերու մէջ, իբր առօրեայ սնունդ ունենալով զանազան խոտեր։”

Հակառակ որ Գրիգոր Լուսաւորիչի պատմութեան մէջ կը յիշուին Սեբաստիայի կրօնաւորները, սակայն պէտք է նկատի առնել, որ Հայաստանի վանականութիւնը ունի նաեւ ասորական զօրաւոր ազդեցութիւն։

Իբր առաջին միայնակեացներ Հայաստանի մէջ՝ կը յիշուին Ս. Անտոն եւ Ս. Կրօնիդէս, որոնք, ինչպէս վարք սրբոցը կը գրէ, «սրբակեաց կրօնաւորներ էին, աշխարհի վրայ վարելով հրեշտականման կեանք մը»։

Ըստ աւանդութեան, նաեւ Եւստաթէոս Սեբաստիոյ Եպիսկոպոսը եւ Ս. Բարսեղ հիմնած են վանքեր Հայաստանի մէջ։

Դ. դարուն միայնակեցական եւ ճգնաւորական խումբեր կը միանան կազմելով առաջին վանական հաստատութիւնները։ Այս զարգացումը յատկապէս Ս. Բարսեղի վաստակն ու արժանիքն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.