2016-05-14 12:05:00

Թուրքիան եւ եւրոպական միութիւնը զիրար կը մեղադրեն այցեգիրի վերացման հարցին գծով


Թուրքիոյ եւրոպական հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր անհաւանական նկատեց առանց այցեգիրի Եւրոպա մուտքի գծով համաձայնութեան գործադրութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ: Պոզքըր «անկարելի» նկատեց Եւրոպական Միութեան պահանջած 72 կէտերու բարեփոխման կարելիութիւնը:

Նշեալ բարեփոխումներով Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն կը պահանջէ բարեփոխել ահաբեկչութեան դիմակալման ծիրին մէջ Թուրքիոյ կիրարկած պատժամիջոցները: Արդարեւ, մէկէ աւելի աղբիւրներէ փաստարկուած տեղեկագիրներ հասան ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական Միութեան պատկան կողմերուն, ըստ որոնց, Թուրքիա խիստ բռնադատութեամբ կը վարուի իր ընդդիմադիրներուն հետ, յատկապէս հարաւարեւելեան եւ Ժիզրէի շրջաններու քրտաբնակ վայրերուն մէջ: Այս ծիրին մէջ, տեղեկագիրներ հասած են, թէ աւելի քան հարիւր մարդիկ ողջ-ողջ հրկիզուած են իբրեւ պատժամիջոց:

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հարցերու գերագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ Հիւսէյն երէկ կրկին քննադատեց թրքական կառավարութիւնը անոր կիրարկած բռնամիջոցներուն գծով, յատկապէս Ժիզրէի մէջ: Հիւսէյն թրքական իշխանութենէն պահանջեց չխոչընդոտել ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններու եւ այլ անաչառ ու անկողմնակալ դէտերու եւ լրագրողներու հսկողութեամբ հետաքննութեան կատարումը նշեալ բռնամիջոցներուն գծով:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.