2016-05-13 10:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Յանձնախումբ մը պիտի ուսումնասիրէ կիներու սարկաւագութեան հարցը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 12 Մայիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Միաբանութիւններու մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան 850 անդամներուն։ Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկար զրոյց մը ունեցաւ անոնց հետ սրտաբուխ պատասխաններ տալով անոնց ուղղած բազմաթիւ հարցումներուն ապա յատուկէն հաստատեց թէ մօտ ապագային յանձնախումբ մը պիտի կազմուի ուսումնասիրելու համար կիներու սարկաւագ ձեռնադրուելու հարցը։

Կրօնաւորուհիներուն ուղղած հարցումներուն  շարքին էին` կիներու դերը Եկեղեցւոյ կեանքի վճռական ասպարէզէն ներս, պատարագներու ընթացքին քարոզ արտասանելու կարելիութիւնը,  երիտասարդ թեկնածուներու մշտնջենաւոր ուխտեր կատարելու դժուար ընտրանքը ինչպէս նաեւ կրօնաւորական կեանքին հայող այլ կարեւոր հարցեր։

Քահանայապետը ներկաներուն վստահեցուց թէ կիները տարբեր հայեացքով կը դիտեն կեանքը եւ թէ անոնք հարստութիւն մըն են եկեղեցւոյ համար եւ կարող են դրականօրէն սատարել եկեղեցիէն ներս առնուած որոշումներուն, ապա ընդգծեց թէ անոնք եկեղեցւոյ մէջ կ՛ապրին իրենց Մկրտութեան արժանաւորութեամբ եւ թէ հարկաւոր է անոնց օգնութիւնը հայցել նաեւ ժողովրդապետութիւններու առաքելութեան մէջ, խուսափելով   ''կղերապաշտութենէն''։

Սրբազան Քահանայապետը  մատնանշեց ապա կրօնաւորուհիներու մատուցած բազմաթիւ եւ բազմազան  առաքելութեան ու անոնց ''մայրական'' մօտեցումին իրենց մատուցած ծառայութեան մէջ, զանազան ասպարէզներէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա զգուշացուց ''դրամապաշտութենէն ու փառքի փնտռտուքէն եւ թելադրեց կրօնաւորական կեանքին մէջ պահպանել աղքատութեան հոգին, առանց սակայն զանց ընելու ինչքերու լաւ մատակարարումը։

Նորին Սրբութիւնը իր երկարաշունչ զրոյցի աւարտին հրաւիրեց կրօնաւորուհիները իրենց ծառայութիւնը մատուցելու այնտեղ ուր պահանջը կայ, ապա ընդգծեց  ''հանգիստ ու դադար առնելու'' անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տարեց քոյրերու փորձառութեան դիմելու հարկաւորութիւնը, որոնք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, իրենց փորձառութեամբ եւ իմաստութեան միաբանութեան յիշողութիւնն են։

Հանդիպումը վերջ գտաւ ''ողջոյն քեզ մարիամ'' աղօթքով որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը, ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար. որպէսզի կարենայ լաւապէս ծառայել եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.