2016-05-13 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Centesimus Annus հիմնարկի անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 13 մայիս 2016-ի՝ կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետի ի նպաստ Centesimus Annus հիմնարկութեան միջազգային համագումարին՝ աւելի քան 300 մասնակիցներուն։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց համագումարին  ընթացքին արծարծուած աղքատութեան դէմ պայքարի եւ գաղթականներու տագնապի  գծով գործարարներուն բերած նպաստին  համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա Օրթտոքս եղբայրներ` Բարթողիմէոս Պատրիարքի եւ Հիեռոնիմոս Արքեպիսկոպոսի հետ միասին Լեզւոս կղզիի գաղթավայրին տուած այցելութեան,  որուն ընթացքին վկայ եղայ, ըսաւ ան - մարդկային տառապանքի տխուր իրականութեան եւ որուն նպատակն էր աշխարհին ուշադրութեան յանձնել գաղթականներու ողբերգական իրավիճակը։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, թէ  մեր այս եղբայրներուն եւ քոյրերուն անմիջական շօշափելի օժանդակութենէն անդին, միջազգային ընտանիքը կանչուած է  պատասխան տալու  բովանդակ մարդկութիւնը յուզող տնտեսական եւ քաղաքական հարցերուն։

''Աղքատութեան դէմ պայքարի հարցը հարցը միայն տնտեսական հարց մըն չէ, այլ՝ ամենէն առաջ բարոյական հարց է որ կարիքը ունի համաշխարհային զօրակցութեան ու կարիքաւորներու ինչպէս նաեւ անհատներու եւ ժողովուրդներու ձգտումներու նկատմամբ աւելի արդար մօտեցումի  մը զարգացումին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, գնահատանքով անդրադառնալով  հիմնարկութեան միջազգային համագումարին որ, ըսաւ Ան, ներշնչուած Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութենէն, զանազան տեսանկիւնէն քննարկեց առկայ տնտեսական հարցերէն յառաջացած   բարոյական եւ առարկայական հետեւանքները, եւ կը փորձէ  հիմքը դնել մարդու արժանապատուութիւնը յարգող մշակութային  տնտեսականութեան մը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց, թէ լոկ շահադիտական եւ հանգստաւէտութեան տնտեսական տեսութեամբ կարելի չէ դրական կերպով նպաստել համաշխարհայնացումի հոլովոյթին,  որ օգտակար է  բովանդակ աշխարհի  ժողովուրդներուն զարգացումին, ինչպէս նաեւ նպաստ կը բերէ արժանավայել աշխատանքի դրութիւններուն  եւ տիեզերքի հարստութիւններու արդար բաշխումին։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց, որ հիմնարկի համագումարը բարենպաստ ըլլայ, եւ անկէ բխին հասարակաց բարիքի շահին հասցէագրուած տնտեսական յառաջդիմութեան  նոր օրինակներ. Ապա յոյս յայտնեց որ հիմնարկութեան անդամները՝   ներշնչուած եւ լուսաւորուած Աւետարանէն,  համագործակցութեամբ տեղական եկեղեցիներուն ու անոնց հովիւներուն, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն, իրենց կատարած աշխատանքով կարենան միշտ նպաստել՝ այն քաղաքացիական սիրոյ աճումին, որ կ՛ողջագուրէ համայն մարդկային ընտանիքը՝ արդարադատութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.