2016-05-13 14:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լեհաստանի Վարչապետուհին


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 13 մայիս 2016-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը.  որուն մէջ նշեց թէ այսօր` ուրբաթ 13 մայիսին­,  Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն  շնորհեց Լեհաստանի Վարչապետուհի՝ Տիկին Պէաթա Սզիտլոյին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններուն բաժանմունքի քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Կալլակերին հետ։

Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին ի յայտ դրուեցաւ  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական նպաստը՝Լեհաստանի ընկերային կեանքէն ներս։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ  Ֆրանչիսկոս Պապին Երիտասարդներու համաշխարհայի հաւաքի օրուան  առթիւ՝ յառաջիկայ յուլիս 2016-ին,  Լեհաստաան կատարելիք այցելութեան մասին, եւ Լեհաստան աշխարհի քրիստոնէացման 1050-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւններուն,  որուն իր մասնկացութիւնը բերաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին՝ որպէս քահանայապետական պատուիրակ։

Հանդիպումներու  ընթացքին քննարկուեցան ապա երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, ինչպէս ներկայ ընկերա- մշակութային շրջագիծէն ներս ընտանիքի  զարգացման հոլովոյթը ­ եւ գաղթականներու հիրընկալութեան հարցը։  Ի վերջոյ  քննարկուեցան նաեւ  միջազգային հասարակութեան հայող հարցեր ինչպէս խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը. Սուրիոյ պատերազմը եւ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ մարդասիրական կացութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.