2016-05-13 09:34:00

Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ  13 մայիսին կը նշուի Ֆաթիմայի Տիրամօր տօնը եւ նոյն օրը կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի դէմ` 35 տարիներ առաջ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գործադրուած ահաբեկչական արարքը, թրքահպատակ ազգայնամոլ Ալի Աքչայի ձեռքով։

99 տարիներ առաջ 13 մայիս 1917-ին է որ Փորթուկալի` Ֆաթիմա գիւղաքաղաքին մէջ Տիրամայրը առաջին անգամ երեւցաւ երեք փոքր հովիւներուն՝ ֆրանչեսքօ, Ճաչինթա եւ Լուչիային, մինչ անոնք իրենց ոչխարները կ՝արածէին ֆաթիմա գիւղաքաղաքի՝ Քոնքա տի Իրիա կոչուած վայրին մէջ։

Երեւումներու ընթացքին Տիրամայրը անոնց կը յայտնէ եւ կը խօսի տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին. թէ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէր առաջին աշխարհամարտը, եւ եթէ մարդիկ չապաշխարէին, Բ. համաշխարհային պատերազմ մը տեղի պիտի ունենար, որը աւելի կործանարար պիտի հանդիսանար...

Տիրամայրը երեք հովիւներէն կը խնդրէ որ ճգնաժամ աղօթեն Սուրբ Վարդարանը ու յատկապէս կը հրաւիրէ զանոնք ապաշխարութեան։ ''Աղօթեցէք` շատ  աղօթեցէք եւ մահացուցում կատարեցէք մեղաւորներուն համար, անոնցմէ շատերը դժոխք պիտի երթան որովհետեւ իրենց համար աղօթող չկայ եւ ոչ ալ իրենց համար նուիրող'', ըսած էր Տիրամայրը երեք այդ փոքրիկ հովիւներուն որոնցմէ երկուքը` որոնք եղբայրներ էին,  ֆրանչեսքոն եւ Ճաչինթան  իրենց մահկանացուն կնքեցին մի քանի տարի ետք. Ֆրանչեսքոն 1919-ին եւ Ճաչինթան 1920-ին, մինչ Լուչիան ընտերց կրօնաւորական կեանքը եւ վանք քաշուեցաւ ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը` 13 փետրուար 2005-ին։

1930-ին՝ կաթողիկէ եկեղեցին ճանչցաւ այդ երեւումներուն գերբնականութիւնը արտօնելով անոր պաշտամունքը։

ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր համար սրբավայր մը կառուցուեցաւ, եւ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը եղաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց այդ սրբավայրը` 13 մայիս 1967-ին։ Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետը եւս, որ յատուկ ջերմեռանդութիւն ունէր Տիրամօր նկատմամբ, բազում անգամներ այցելեց Սրբավայրը։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը եւս մեծարեց ֆաթիմայի Տիրամայրը, անոր սրբավայրը այցելելով` 14 մայիս 2010-ին, երկու հովիւներու երանացման 10-րդ տարեդարձին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.