2016-05-13 09:47:00

Սալեզեան հայրերու կոչը իրենց միաբանակից եղբօր ազատագրումին ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մենք կը շարունակենք աղօթել անոր համար ու կ´ուզենք որ հանրային կարծիքը վառ պահէ մեր միաբանակից եղբօր առեւանգումի ողբերգական դէպքը, որ կատարուեցաւ Ատանի մէջ (Եաման) անցեալ 4 Մարտին։ Այդ վայրագ յարձակումին ընթացքին Քալքութայի Մայր Թերեզայի միաբան չորս կրօնաւորուհիներ սպաննուեցան'' այս կոչը ուղղած են Սալեզեան միաբանութեան հայրերը, իրենց միաբանակից Հայր Թոմ Ուզհաննանիլի ազատագրումին ի խնդիր, որուն  հօրեղբայրը 1997-ին հիմնած էր Եամանի առաքելավայրը։

Հայր Թոմ գիտակից ըլլալով հանդերձ վտանգի գոյութեան, սիրայօժար ընդունած էր Աւետարանին ծառայել արաբական թերակղզիին մէջ։

Քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը 5 Սալեզեաններ իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին չորս քաղաքներու մէջ. Sana’a մայրաքաղաքը, Hodeida, Taiz ed Aden. Հայր Թոմը Ատան մնաց, մինակ չթողելու համար Քալքութայի մայր Թերեզայի միաբանակից քոյրերը որոնք մերժած էին հեռանալ քաղաքէն։ Արդարեւ այս երկու միաբանութիւնները աշխարհի շատ մը առաքելավայրերու մէջ համագործակցաբար կը գործեն։

Նշենք որ հայր Թոմ-ի նշանաբանը եղած է ''միշտ պատրաստ ձեռք տալու կարօտեալին և ընչազուրկին''։ Հակառակ որ երկու ամիս անցաւ Հայր Թոմի առեւանգումին Սալեզեանները յոյսով են որ Ան տակաւին ողջ է եւ կ´աղօթեն անոր ազատագրումին համար։ Այս պատճառաւ հանրային կարծիքէն կը խնդրեն որ վառ պահեն անոր յիշատակը ու շարունակեն  խօսիլ անոր մասին։

Նշենք թէ Եամանի մէջ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան 0,1 առ հարիւրը








All the contents on this site are copyrighted ©.