2016-05-13 12:08:00

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հաւանական հանդիպում Վիեննայի մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի պաշտօնական համացանցային կայքին վրայ Մայիս 12ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, խմբակին երեք համանախագահները նշած են, որ վերջին ռազմական գործողութիւնները անգամ մը եւս հաստատած են, թէ ժամանակը հասած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպման, լարուածութիւնը թօթափելու նպատակով։

Երկու նախագահներու հանդիպման գծով, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները աշխատանք կը տանին յառաջիկայ շաբաթ, Վիեննայի մէջ սոյն հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ, նշուած է յայտարարութեան մէջ, որ կ՛եզրակացնէ. «Բանակցութիւնները յաջողութեան չեն կրնար հասնիլ, եթէ բռնութիւնները շարունակուին, իսկ առանց բանակցութիւններու՝ խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել: Մենք կը պնդենք, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ»:

Այս յայտարարութենէն ետք, Մոսկուայի մէջ ինքզինք բացայայտել չուզող դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»ին փոխանցած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Մայիս 16ին կրնայ ըլլալ հանդիպին Վիեննայի մէջ, իսկ հանդիպման կրնան մասնակցիլ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները։

Աւելի ուշ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա «Թասս» լրատու գործակալութեան հաղորդած է, որ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը ծրագրէ իր ամերիկացի ու ֆրանսացի պաշտօնակիցներուն հետ ներկայ ըլլալ յառաջիկայ շաբաթ կայանալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման:

Վերջապէս, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, թէ Մոսկուա կ՛ողջունէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան գծով լարուածութիւնը մեղմացնելու որեւէ քայլ, ինչպէս նաեւ Երեւանի ու Պաքուի վերադարձը՝ տագնապին քաղաքական կարգաւորում գտնելու երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.