2016-05-12 09:16:00

Ռայի Պատրիարքը վերադարձաւ Պէյրութ


Աւարտելէ ետք Փարիզ կատարած իր այցելութիւնը` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը չորեքշաբթի, 11 մայիսին՝ կէսօրէ ետք վերադարձաւ Պէյրութ:

Ռայի պատրիարքը Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէի, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Պոքովայի հետ:

Ծերակոյտին մէջ Ռայի պատրիարքը զեկուցեց Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասին:

Իր զեկուցումին մէջ ան նշեց, որ Միջին Արեւելքի ժողովուրդները միջազգային ընտանիքէն կը պահանջեն արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն ունենալու, ինչպէս նաեւ իրենց երկիրներուն մէջ կայունութիւնն ու բարգաւաճումը վայելելու  իրենց իրաւունքը:

Ռայի պատրիարքը կտրականապէս մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ իսլամները կ՛ուզեն Արեւելքը պարպել քրիստոնեաներէն: «Իսլամները բացայայտօրէն կը յայտարարեն, թէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը կարեւոր է: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց զատորոշելու ահաբեկչական շարժումներուն եւ իսլամներուն միջեւ:

Անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի պահպանելու իր ժողովրդավարութիւնն ու արժէքները, ինչպէս նաեւ իր ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կեանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.