2016-05-12 09:12:00

Կարդինալ Փարոլինը Էսթոնիայէն փոխադրուեցաւ Լեթթոնիա


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 11 Մայիս 2016-ին Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը Էսթոնիայի Տարթու համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը ներկայացուց Ս. Աթոռի միջազգային կապերը նիւթին մասին, ընդգծելով որ Վատիկանի քաղաքականութիւնը ունի որպէս հիմ չորս գլխաւոր սկզբունքներ. Մարդու արժանաւորութիւնը, հասարակաց բարիքին զարգացումը,զօրակցութիւն և օժանդակութիւն։

Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպայի արժէքներու տագնապին ու գաղթականութեան հարցի մասին ։

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը ապա յայտնեց թէ` ''ի տես ներկայի կացութեան ծանրութեան''

Յունիս ամսուայ ընթացքին պիտի այցելէ Ուկրանիան բնակչութեան փոխանցելու համար ֆրանչիսկոս Պապին զօրակցութիւնը, ընդգծելով թէ Սուրբ Աթոռը յատուկէն մտահոգուած է մարդասիրական օգնութեան հարցով որ, պատերազմի պատճառաւ, օրէ օր կը վատթարանայ եւ որուն հետեւանքով կէս միլիոն անհատներ անօթութենէ կը տառապին եւ այլ 1,5 միլիոն անձեր տեղահանուած են։

Կարդինալ Փարոլին ապա կոչ ուղղեց յարգելու միջազգային օրէնսդրութիւնը եւ զարգացնելու երկխօսութիւնը, մատնանշելով թէ թէեւ Ուկրանիոյ մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին փոքրամասնութիւն է, ան վեհանձնօրէն կը համապատասխանէ բնակչութեան կարիքներուն։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը ապա յայտարարեց թէ  19 Մայիսին Էսթոնիայիի նոր դեսպանը Սրբազան Քահանայապետին պիտի ներկայացնէ իր հաւատարմագրերը։
Յայտնենք թէ Կարդինալ Փարոլին Էսթոնիայէն փոխադրուեցաւ Լեթթոնիա եւ 13 Մայիսին վերադարձ կը կատարէ Վատիկան, մինչ 7-9 Մայիս այցելութիւն կատարած էր նաեւ Լիթուանիային։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.