2016-05-12 10:14:00

Թուրքիան կը խստացնէ իր կեցուածքը կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հանդուրժողականութեան երկար ժամանակէ մը ետք Թուրքիան դարձեալ կը խստացնէ իր կեցուածքը կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ։

Տեղական  իշխանութիւնները վերջերս արգիլած են  Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարքին այցելութիւնը  Անատոլի Պուրսա շրջան ուր Օլզիւչի մէջ նախատեսուած էր նոր  եկեղեցւոյ մը օծման արարողութիւնը։

Յայտնենք թէ Պուրսա շրջանը մինչեւ 1923 թուական մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներով բնակուած էր եւ այդ թուականին էր որ Օլզիւչի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կործանուած է եւ որուն վերաշինութիւնը վերսկսած է 2012-ին։

Նշենք նաեւ  թէ նախկին Նախարարապետ Ահմետ  Տաւութօղլուն  բաց քաղաքականութիւն մը կը վառէր կրօնական փոքրիկ համայնքներու հանդէպ մինչ Անատոլի Մարզի կառավարիչ` Մունիր Քարալողլու, որ մօտիկ է նախագահ Էրտոկանին, արգելք հանդիսացած է եկեղեցւոյ վերաբացումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.