2016-05-11 08:52:00

Երուսաղէմ. Իսրայէլի Նախագահին այցը Պատրիարքարան


9 Մայիս, 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Զատկական տօներու առիթով Իսրայէլի Նախագահ՝ Պրն. Ռուվէն Ռիվլին այցելեց Հայոց Պատրիարքարան՝ շնորհաւորելու Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն: Մինչ Նախագահին ժամանումը Պատրիարքարանս եկան Յոյն եւ Լատին պատրիարքները իրենց միաբան հայրերով, Քիւստոտի տեղապահը, Պապական Նուիրակը, Երուսաղէմի մէջ Հայոց հետեւակ Ղպտի եւ Ասորի եկեղեցիներու եպիսկոպոսները:
Հանդիպման ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Աթոռոյս Դիւանապետ Հոգշ. Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան եւ բարի գալուստ մաղթեց Մեծայարգ Նախագահին, ապա յաջորդաբար հրաւիրեց Յունաց, Լատինաց Պատրիարքները իրենց ողջոյնի խօսքը ներկաներուն փոխանցելու: Յոյն եւ Լատին Պատրիարքներու ողջոյնի խօսքէն ետք հանդէս եկաւ Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան:

Իր խօսքին մէջ Պատրիարք Սրբազան Հայրը ողջունեց Մեծարգոյ Նախագահին եւ բոլոր ներկաներուն, ապա գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Պրն. Ռիվլինի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Իսրայէլի կողմէ ճանչնալու գործընթացի մէջ կատարած մեծ աւանդին համար: Անդրադարձաւ նաեւ հրեական ողջակիզմանը նշելով. “Նացիստական ռեժիմը յաջողութեամբ կարողացաւ կոտորել Հրեայ ժողովուրդին, որովեհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն ողջ աշխարհը լուռ ու անհաղորդ մնաց ամբողջ ժողովուրդի մը կոտորածին հանդէպ, Մենք լիայոյս ենք, որ Դուք Ձեր նոր պաշտօնավարութեան ընթացքին կը շարունակէք Իսրայէլի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացնել”:

Աւարտելով իր խօսքը Պատրիարք Սրբազանը Նախագահին նուիրեց հայ վարպետ՝ Յակոբ Աւագեանի կողմէ փորագրուած փայտեայ քանդակ մը, եւ յոյս յայտնեց, որ այն Պրն. Նախագահին կը յիշեցնէ Հայ եւ Հրեայ ժողովուրդներու բարեկամութեան մասին: Հանդիսութեան Վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ Մեծայարգ Նախագահ Պրն. Ռուվէն Ռիվլին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Աթոռոյս Գահակալին ջերմ հիւրընկալութեան համար, ապա շնորհաւորելով բոլոր ներկաներուն Զատկուայ տօնին առիթով, անգամ մը եւս հաստատեց Իսրայէլ պետութեան յանձնառութիւնը՝ կրօններու եւ պաշտամունքի ազատութեան պաշտպանման գործին մէջ: Պրն. Ռիվլին մանսաւոր նշեց. “Ամենապատիւ Սրբազան, ես գիտեմ, որ Դուք ծնունդով Հալէպցի էք, ուր այժմ արիւնայեղութիւն է: Ես կը միանամ Ձեր աղօթքներուն եւ կ’աղօթեմ Ձեր ընտանիքի ապահովութեան համար”:

Նախագահը նշեց նաեւ, որ Իսրայէլի մէջ քրիստոնէական համայնքները ոչ միայն վտանգուած չեն, այլ հակառակը անոնց թիւը երթալով կ’աւելնայ: Մեծայարգ Նախագահն իր խօսքը աւարտեց անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեանը. “1915 թուականին Հայերը կոտորուեցան, եւ իմ ծնողքս կը յիշեն, թէ ինչպէս հազարաւոր Հայ գաղթականներ ապաստան գտան Հայոց Վանքին մէջ: Իսրայէլի մէջ, ոչ մէկը կ’ուրանայ, որ ամբողջ ազգ մը կոտորածի ենթարկուեցաւ: Այսօր, ես կեցած եմ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին մէջ եւ կ’աղօթեմ Ձեզի հետ միասին, զոհերու հոգիներու հանգստութեան համար”:
Նախագահի խօսքէն ետք ներկաները խմբանկարուեցան, ապա պատուեցան հիւրասիրութեամբ:

Քաղուած Հայերն Այսօր-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.