2016-05-10 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով գաղթականներուն աշխատանքի հայթայթում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին կամքին, Միլանոյի ԷՔՍՓՕ 2015-ին, Սուրբ Աթոռի տաղաւարի մէջ կայացած դրամահաւաքին եկամուտը պիտի տրամադրուի Յորդանանի Քարիթասի կողմէ ծրագրուած ''Իրաքի գաղթականներու աշխատանքի հայթայթում'' ծրագրին։

Քոր Ունում – մէկ սիրտ Քահանայապետական խորհուրդի կողմէ նախապատրաստուած այս ծրագիրին նպատակն է` հաւաքուած գումարը` 150 հազար տոլար, յատկացնել Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կայացած պատերազմի պատճառաւ տառապող կարիքաւորներուն, այսինքն գաղթականներու ընտանիքներու ու անոնց զաւակներուն որոնք այսօր ապաստան գտած են  Յորդանանի մէջ, ուր այսօր կ՛ապրին 130 հազար Իրաքցիներ եւ մէկ միլիոն 300 հազար սուրիացիներ։ Այս թիւերը կրնան բարձրանալ եթէ նկատի առնենք նաեւ անոնք որոնք չեն գրանցուած ՄԱԿ-ի ցանկերուն մէջ։

Յորդանանի Քարիթասի տնօրէն`  Ոոայել Սուլէյման հաստատած է թէ ''հակառակ բոլոր օժանդակութիւններուն եւ մատուցած օգնութիւններուն գաղթականներուն համար  շատ դժուար է գործ հայթայթել'' եւ այս ուղղութեամբ է որ ծրագրուած է եւ ի գործ պիտի դրուի վերոնշեալ ծրագիրը որ կը նախատեսէ 15 իրաքցի գաղթականներուն ու անոնց ընտանիքներուն ապահովեցնել աշխատանք ինչպէս նաեւ այլ 200 իրաքցիներուն երաշխաւորել կազմաւորումի դասընթացք ու այլ 500 իրաքցիներուն` ժամանակաւոր աշխատանք։

Ծրագիրի մեկնարկումը նախատեսուած է 12 Մայիսին, Քոր Ունում - Քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղար` գերապայծառ Սեկունտօ Թէյատօ Միւնոզի ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.