Քրիստոնեաները յատուկ բարեպաշտութիւն ունին
Սուրբ Կոյսին՝ նուիրելով իրեն սէր եւ աղօթք: Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին եւ զինք սիրողներուն
ամիսն է :Սուրբ Կոյսին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ սերտ միութիւն մը հիմնուած է, որ կը կոչուի
Մարիամ-Եկեղեցի : Այս կապը դարերէ ի վեր կ’ոգեւորէ հաւատացեալները, որովհետեւ Եկեղեցին
իր կարգին կը մարմնաւորէ Սուրբ Կոյսը, որպէս «Կոյս, Մայր, Բարեխօս եւ դաստիարակ»: Եկեղեցին
ծնաւ Մարիամի հետ՝ Խաչին ոտքը, ուր ան եւ քրիստոնէութիւնը ստացան սիրոյ եւ առաքելութեան
շունչը: Մարիամ Եկեղեցին կը խորհրդանշէ եւ կը մասնակցի անոր չարչարանքներուն եւ ուրախութիւններուն:
Ան հաւատացեալներուն կր պարգեւէ շնորհքը Եկեղեցիին ու հաւատքին զօդուած մնալու:Յիսուս՝
տեսնելով իր մայրը եւ Իր սիրելի աշակերտը կ’ըսէ. «Կին, ահաւասիկ քու որդիդ» (Յովն 19,
26): Այս որդին Յովհաննէս առաքեալը, Եկեղեցին կը ներկայացնէ, որ ծնունդ առաւ Խաչին դիմաց
: Մարիամ կը ներկայանայ Կանայի հարսանիքին, որպէս նոր ժողովուրդին խորհրդանիշը փրկչագործութեան
առաքելութեան մէջ: Մարիամ, Եկեղեցւոյ եւ սուրբերու հոյլին մէջ, առաջինը կը հանդիսանայ
հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի սրբութիւն. Ինքն է որ Եկեղեցւոյ կը շնորհէ ընտանեկան
կեանքը: Սուրբ Բեռնարդոս կ’ըսէր. «Արքայաշուք Կոյսը կեղծ պատիւներու կարիքը չունի» :
Յաջորդ դարուն, Սուրբ Բոնաւենտուրա աւելի խիստ ոճով կ’ըսէր. «Սրբուհի Մարիամը մեր սուտերուն
պէտք չունի : Պիտի փափաքէի այս տեսակէտս իմ ընթերցողներուս հետ բաժնել : Ժամանակի ընթացքին,
անոնց բարեպաշտութիւնն ու հաւատքը զօրաւոր կ’ըլլան» :Մարիամ այս իւրայատուկ օրհնութիւնը
Աստուծմէ կը ստանայ : Ան ընտրուեցաւ բոլոր կիներուն մէջ որպէսզի դուռը բանայ նոր ժամանակներուն:
Ճանչնալ մեր կոչումը կը նշանակէ թողուլ որ Աստուած մեզի յայտնէ թէ մենք արժանի ենք Իրեն:
Ան ցոյց կու տայ մեզի մեր իսկական կոչումը: «Քրիստոնէութեան մեկնակէտը Բանին մարմնացումն
է: Հnu, միայն մարդը չէ որ զԱստուած կը փնտռէ, այլ Աստուած անձամբ կու գայ մարդուն մօտ՝
խօսելու անոր հետ: Մարդը Աստուծոյ փառքին Յայտնութիւնն է, որ կոչուած է ապրելու Աստուծոյ
կեանքին լիութեան մէջ» (Յովհաննէս Պօղոս Բ.): «Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, քանի որ
ես մարդ չեմ ճանչնար» (Ղուկ 1, 34): Հակառակ Զաքարիային, որ կը տարակուսէր եւ նշան մը
կը խնդրէր (Ղուկ 1, 18), Մարիամ իր հարցումով կր յայտնէ իր փափաքը Աստուծոյ նշանը ընդունելու
իր ամբողջ խելքով ու սրտով: «Այսպէս է որ մարդուս կոչումին մէջ կը փայլին Աստուծոյ ձրի
սէրն ու մարդուն ազատութեան ամենաբարձր վերացումը, այս-ինքն Աստուծոյ կոչին հաւանութիւնը
եւ վստահութիւնը» (Յովհաննէս Պօղոս Բ.): Մար-իամին կոչումը կր բխի Սէրէն որ ամէն բան
կը վերանորոգէ: Սուրբ Հոգին իր վրան պիտի իջնէ: Ան արարչագործութիւն է եւ կեանք : Մարիամ,
իր ամբողջ սրտով կր նուիրուի աստուածային փրկութեան կամքին: Աստուծոյ խնդրած զոհերը չեն
որ ամէնէն աւելի հաւատք կը պահանջեն, այլ անոր ըրած անյուսալի խոստումները: Ինչպէս որ
Աբրահամ «յուսաց ամէն յոյսի դէմ», այնպէս ալ Մարիամ հաւատաց Աստուծոյ Խօսքին : Սուրբ
Հոգին ամէն կոչում կը վերածէ յոյսի, նշանի ու գործի... «եւ յոյսը չի խափեր, որովհետեւ
Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր Սրտերուն մէջ (Հռոմ 5, 5) :Մարիամ Քրիստոսի մայրն է հաւատքին
մէջ նախքան բնական մայր ըլլալը, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Օգոստինոս. «Մարիամ երանելի է, որովհետեւ
Ան Աստուծոյ Խօսքը լսեց ու պահեց» :
Մարիամ կատարեալ տիպարն է Սիրոյ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ : Իր ամբողջ կեանքը զայն կը հռչակէ. «Հզօրը սքանչելիքներ ըրաւ ինծի. Սուրբ է Անոր Անունը» :
Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
All the contents on this site are copyrighted ©. |