2016-05-09 13:16:00

'Սուրբ Հոգին է որ Եկեղեցին կը շարժէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Հոգին եկեղեցւոյ մղիչ ուժն է,  թէեւ Ան՝ այսօր եւս անծանօթ է շատ մը քրիստոնեաներուն համար։

Երկուշաբթի, 9 մայիս 2016-ին՝ առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին  մէջ ընդգծելով՝ որ   Սուրբ Հոգին է մեզ իսկական  քրիստոնեաներ կը դարձնէ   յորդորեց   թոյլ տալ՝ որ  Ան մեզի ցոյց  տայ ազատութեան ուղին։ 

Ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն   ուր կը խօսուի Եփեսոսի  առաջին աշակերտներուն եւ Սուրբ Պօղոսի միջեւ տեղի ունեցած  խօսակցութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ   իր խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիին  վրայ ըսելով թէ  այսօր եւս կը պատահի այն ինչ որ պատահած էր աշակերտներուն, որոնք հաւատալով հանդերձ Յիսուսին, չէին գիտեր Սուրբ Հոգիին ով ըլլալը։  

Սուրբ Հոգին եկեղեցւոյ մղիչ ուժն է ըսաւ Սրբազան Հայրը ։ Սուրբ հոգին է որ աշխատանք կը տանի  մեր եւ եկեղեցւոյ սրտերուն մէջ։  Սուրբ Հոգին է որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ  մարդուն՝   մէկ միւսէն տարբեր անձ կ՝ընէ , Սուրբ Հոգին է որ կը բանայ   դուռը եւ կ՝ուղարկէ մեզ վկայելու  Յիսուսը։ Ի վերջոյ Սուրբ հոգին է, որ մեզ կ՝ազատագրէ որբութեան իրավիճակէն եւ կ՝ուսուցանէ նայելու Հօր ՝ զայն Հայր կոչելով։ 

Սուրբ Հոգին ըսաւ հուսկ Քահանայապետը կենդանի եկեղեցւոյ դերակատարն է։ Ան է որ կը գործէ Եկեղեցւոյ մէջ եւ մտավախութիւնը այն է,  որ մենք երբ այս իրականութիւնը չ՛ապրինք,  հաւատքը  կը դարձնենք լոկ բարոյականութիւն''։ Քրիստոնէական կեանքը սակայն բարոյականութիւն չէ հաստատեց Քահանայապետը այլ հանդիպում մըն է Յիսուս Քրիստոսի հետ եւ Սուրբ Հոգին է որ կ՛երաշխաւորէ այդ հանդիպումը մեզի տանելով Յիսուս Քրիստոսին։

Սուրբ Հոգին գիտէ մեզ  իսկական քրիստոնեաներ դարձնել ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ ապա  հրաւիրեց` առ ի պատրաստութիւն Պենտեկոստէի տօնին խորհրդածելու թէ ի՛նչ կ՝ընէ Սուրբ Հոգին իմ կեանքիս մէջ։ Հարց տանք ըսաւ Սրբազան Հայրը եթէ  մենք իսկապէս կը հաւատանք Սուրբ Հոգիին կամ ալ ան լոկ խօսք մըն է մեզի համար''։ Ապա խօսինք Անոր հետ ըսելով ՝՝Ես քաջ գիտեմ որ Դուն իմ սրտիս  մէջ կը բնակիս ։ Դուն Եկեղեցւոյ սրտին մէջ ես եւ զայն յառաջ կը տանիս։ Դուն ՝ միութիւն կ՛իրականացնես մեր մէջ հակառակ մեր բոլորիս բազմազանութեան։  

 Ֆրանչիսկսո Պապ քարոզը աւարտեց  հայցելով Սուրբ Հոգիէն սորվելու եւ հպատակելու Անոր








All the contents on this site are copyrighted ©.