2016-05-09 10:21:00

Էքուատորի եպիսկոպոսներու կոչը օգնութեան հասնելու ողբերգական երկրաշարժի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Անցեալ 16 Ապրիլի մահաբեր ու կործանարար երկրաշարժի երկար լռութենէն ետք, կու գամ պատմելու ձեզի պատահածը'' կը գրէ գերապայծառ Lorenzo Voltolini, Էքուատորի Portoviejo թեմին առաջնորդը, աւելցնելով  ''Մեզ մի մոռնաք, մենք ձեզի պէտք պիտի ունենանք երբ սկսինք վերաշինութիւնը, որ ոչ միայն աղիւս ու քար է այլեւ ընտանիք, համայնք, ժողովրդապետութիւններ, մարդկային յարաբերութիւններ''։

''Երկրաշարժը պատճառած է 600 մեռեալ եւ տնանկութեան մատնած է 30 հազար անհատ։ Ամենէն առաջ ձեզմէ կը խնդրենք աղօթք, որովհետեւ նոր աշխարհը կը ծնանի Աստուծոյ բացուելու մեր տրամադրութենէն'' կը գրէ միշտ գերապայծառ Վոլոթոլինի, Փառք տալով Աստուծոյ մինչեւ օրս ցուցաբերուած զօրակցութեան համար որուն շնորհիւ ''ֆրանչիսկեան հայրերը ամէն օր աւելի քան 3 հազար անօճախ ընտանիքներուն ուտեստեղէն կը բաշխեն''։

''Մեր աղօթքն է որ կարողանանք միշտ մեր օգնութեան հասնիլ։ Կ´ուզենք օգնել երկրաշարժի թիրախ դարձած անհատներու սակայն օրէ օր մեր միջոցները կը սկսին պակսիլ։ Էքուատորի Քարիթասի վերջին տուեալներուն համաձայն Էքուատորի երկրաշարժը պատճառած է 660 մեռեալ, կան 31 անյայտ անձինք, 30,227 անօճախներ, 1,125 կործանուած տուներ և 560 վնասուած դպրոցներ''' կը յայտնէ Էքուատորի Portoviejo թեմին առաջնորդը իր կոչ-նամակին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.