2016-05-08 10:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ձեռագիր պատգամը ''թուային''աշխարհի հասարակութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 8 Մայիս 2016-ին կը նշուի Ընկերային Հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրը­, որուն այս տարուայ Քահանայապետական պատգամին բնաբանն է ''Հաղորդակցութիւն եւ ողորմութիւն. պտղաբեր հանդիպում''։

Այս առթիւ, կիրակի 8 մայիսի առաւօտեան ''Instagram'' ցանցի Քահանայապետական “Franciscus” կայքի վրայ, Նորին Սրբութիւնը հրապարակեց ձեռագիր մէկ պատգամ մը որուն մէջ ուզեց պատասխանել այն բազմաթիւ հաւատացեալներուն, որոնք ''թուային'' աշխարհէն աղօթք եւ օրհնութիւն կը հայցեն Իրմէ։

Սրբազան Քահանայապետը իր ձեռագիր հակիրճ պատգամին մէջ գրեց.

''Քեզի` որ թուայնացած մեծ հասարակութենէն, կը խնդրես օրհնութիւն եւ աղօթք, կ՛ուզեմ ըսել. Դուն պիտի ըլլաս արժէքաւոր պարգեւ մը, Հօր ուղղուած իմ աղօթքիս մէջ։

Եւ դուն` մի մոռնար աղօթելու ինծի համար եւ իմ` Ողորմութեան Աւետարանի սպասաւոր ըլլալուս համար''

Վերոնշեալ պատգամը հրապարակուեցաւ 40 Լեզուներով շնորհիւ Ռատիօ Վատիկանի բազմալեզու խմբագրութեան անձնակազմի համագործակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.