2016-05-08 17:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 Մայիսի Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 8 Մայիս 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան անդրադարձաւ Իտալիոյ ու բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ նշուող համբարձման տօնին ու մեկնաբանեց Ղուկասի աւետարանիկն մէջ պարունակուած համբարձման դէպքը։ 

Խաչեցեալ եւ Յարուցեալ Յիսուսի Համբարձումի դէպքին մէջ, ըսաւ Քահանայապետը, կայ խոստում մը զոր Յիսուս կը թողու մեզի այն է` թէ մեզի պիտի ուղարկէ մխիթարիչը որուն զօրութեամբ ամէն մկրտուած քրիստոնեայ կը դառնայ Քրիստոսի Յարութեան վկայ։

Սուրբ Հոգին է իսկական դերակատարը ամէն մէկ վկայութեան զոր Եկեղեցին եւ ամէն մէկ մկրտեալ կը կատարէ աշխարհի մէջ, հաստատեց Նորին Սրբութիւնը իր ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին որուն աւարտին ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու հովանին։

Հուսկ Մարեմեան աղօթքէն ետք յիշեցուց թէ այսօր կը նշուի Ընկերային Հաղորդակցութեան 50րդ համաշխարհային օրը ընդգծելով հաղորդակցութեան կարեւորութիւնը որ պէտք է օգնէ կամուրջներ կառուցելու` մարդոց, ընտանիքներուն, հասարակութիւններուն եւ ազգերուն միջեւ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ողջոյնը ուղղելով բոլոր հաղորդակցութեան գործիչներուն եւ յոյս յայտնելով որ Եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւնը միշտ ունենայ աւետարանական ոճ որ միաւորէ ճշմարտութիւնն ու ողորմութիւնը։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները յատուկէն յիշելով շատ մը երկիրներու մէջ նշուող Մայրերու Տօնը եւ  երախտագիտութիւն եւ գորով յայտնեց բոլոր Մայրերուն զանոնք յանձնելով Մարիմաին` Յիսուսի Մօր ու բոլոր ներկաներէն խնդրելով միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը։

Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրենց համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.