2016-05-07 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը՝՝Ափրիկէի հետ՝՝ կամաւոր բժիշկներու ընկերակցութեան հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 7 մայիս 2016-ին՝ առաւօտուն,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Զուիցերական դաշնակցութեան նախագահ՝ վսեմաշուք Ժոհան Շնեյտեր  Ամմանը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը,  ապա ընդունեց Եպիսկոպոսաց ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Մարք Ուելլեն  որմէ ետք, ժամը 11.45-ին, Վատիկանի Քլեմենիթինա դահլիճին մէջ  ընդունեց Քահանայապետական Զուիեցերական պահակագունդի անդամները,  հուսկ 12.15-ին, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց  ՝՝Ափրիկէի հետ ՝՝միսիոնարական բժիշկներու եւ համալսարանականներու ՝՝  CUAMM’'  կոչուած  բարեսիրական եւ կամաւորներու ընկերակցութեան աւելի քան 9000 անդամներուն։

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած ճառին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց  ընկերակցութեան մարդու իրաւունքի   հիմնական համարուած ՝ առողջապահութեան ի սպաս տածած աշխատանքներուն համար, ընդգծելով՝ թէ  առողջապահութիւնը  սպառողական բարիք մը չէ այլ համաշխարհային իրաւունք  մըբ է եւ թէ այս մէկը քիչերու առանձնաշնորհում պէտք չէ նկատուի, ինչպէս է պարագան Ափրիկէի զանազան մարզերուն մէջ ուր աղքատները կարողութիւնը չունին հոգալու  իրենց  դեղորայքի ծախսերը, եւ   մերժուած են բժշկական կառոյցներէն։ Քահանայապետը առ այդ բարձր արժեւորեց Ափրկէի բժշկական ընկերակցութեան վեհանձն աշխատանքն ու մատուցած ծառայութիւնները ի սպաս բնակչութեան ու յատկապէս կարիքաւորներուն  ըսելով` ՝՝Տէրը ձեզ հոն ուղարկեց, որպէսի ըլլաք բարի սամարացիներ եւ ընդառաջելու Ղազարոսին....'' Այս է ձեր Յոբելինական Սուրբ Դուռը'' ընդգծեց  Ֆրանչիսկսո Պապ  ապա թուեց բժիշկներու տածած աշխատանքները,  ափրիկէի  բնակչութեան ամենէն տկարներուն ի սպաս ծառայութիւնները, յղի մայրերու  ապահովելով  արժանավայել ծննդաբերութիւն եւայլն ....ու  քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց ցուցաբերած այս մօտիկութեան առաքելութեան մէջ,  խոցուած եւ տառապանքի մէջ գտնուող ժողովուրդին հետ մնալով,  դառնալու համար մայր եկեղեցւոյ արտայայտութիւնը՝ որ կը խոնարհի ամենէն տկարներուն առջեւ եւ անոնց խնամք կը տանի։

Ֆրանչիսկոս Պապ    ապա անդրադարձաւ  ՝՝Ափրիկէի հետ՝՝ եւ ոչ թէ ՝՝Ափրիկէի համար՝՝ բժիշկներու ընկերակցութեան տիտղոսին հրաւիրելով զանոնք աշխատանք տանիլ  ''Ափրիկէի բնակչութիւնը ներմուծելու զարգացումի գործընթացքին մէջ, քալելով անոնց հետ, բաժնեկցելով անոնց ուրախութիւններն  ու վիշտերը''։     

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա  ընկերակցութեան  անդամներուն յայտնեց թէ անոնք որպէս ժողովուրդներուն ծառայութիւն մատուցող տիպարներ ունին ընկերակցութեան  հիմնաաիր Տոկթ Ֆրանչեսքո Քանովան եւ պատմական տնօրէն Հայր Լուիճի Մացցուքաթոն  որ   53  տարի ծառայութիւն մատուցանելէ ետք 88 տարեկանին  հոգին աւանդած է անցեալ 26 նոյեմբեր 2015-ին,  ապա մէջբերեց հանգուցեալ տնօէրինն թողած կտակէն խօսքեր

 ՝՝Աղքատ ծնայ, ջանացի միշտ ապրիլ նուազագոյն  անհրաժեշտ կարիքներով։  ոչ մէկ բանի կը պատկանիմ եւ ոչ մէկ բան ունիմ թողելիք։ Քիչ հագուստներս որ ունիմ կը ձգեմ աղքատներուն՝՝։ Ֆրանչիսկսո Պապ  պատգամի աւարտին քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց հիմնադիրուներուն ուղիին վրայ,  արտայայտելով եկեղեցւոյ զգացումը՝  որ առանցնաշորհելաներուն բուժարան մը չէ , այլ դաշտային հիւանդանոց։ Եկեղեցի մը որ ունի մեծ սիրտ եւ մօտիկ է անթիւ վիրաւորներուն եւ պատմութեան մէջ նուաստացումը ապրողներուն։

Ֆրանչիսկսո Պապ իր ճառը եզրափակեց ապահովուելով իր աղօթքը եւ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելով ընկերակցութեան անդամներուն եւ իրենց ընտանեկան պարագաներուն։     








All the contents on this site are copyrighted ©.