(Ռատիօ Վատիկան) ''Հալէպի մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւնը լոկ ցեղասպանութիւն մըն է։ Այս օրերուն բազմաթիւ ռումբեր տեղացին Հալէպ քաղաքին վրայ, կարելի է խօսիլ ցեղասպանութեան մը մասին, երբ կը խօսինք վնասուած հիւանդանոցներու ու տուներու մասին։ Մեր այս ապրած վերջին 5-6 օրերը ահաւոր են'' յայտարարած է Հայր Եղիշէ Ճանճեան, Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի պատկան կղերականը, Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։
''Ներկայիս կը թուի որ հրադադարը յարգուած է կառավարական ու հակա-կառավարական խումբերու կողմէ'' աւելցուցած է Ան մատնանշելով նաեւ թէ ''Այս կիրակի միջազգային աղօթք մը պիտի կազմակերպենք։ Սուրիոյ եպիսկոպոսները քրիստոնեայ հաւատացեալներէն խնդրած են որ աղօթեն Սուրիոյ խաղաղութեան համար''։
Յայտնենք թէ յառաջիկայ Կիրակի` 15 Մայիս 2016-ին, Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը` արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրեաթեան, Սուրիոյ խաղաղութեան համար պատարագ պիտի մատուցէ, Հռոմի Լեւոնեան հայ կաթողիկէ դպրեվանքի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հոյակերտ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հրաւիրուած են մասնակցին հռոմաբնակ արեւելցի քրիստոնեաները ու բարձրաստիճան եկեղեցականներ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |