2016-05-07 13:51:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Զուիցերիոյ նախագահին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը,, որուն մէջ նշեց՝ թէ այսօր 7 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ համադաշնակցային հանրապետութեան նախագահ`Տիար Ժոան Շնէյտըր Ամմանը,  որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր խօսակցութիւնները պատեհ առիթ հանդիսացան ընդգծելու Սուրբ Աթոռի եւ Զուիցերիոյ հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, յատուկէն ակնարկելով Զուիեցերական Քահանայապետական պահակագունդի մատուցած հաւատարիմ մասնագիտական ծառայութեան։ Գնահատանք յայտնուեցաւ ապա Եկեղեցւոյ երկիրին զանազան խաւերուն մէջ համագործակցական մթնոլորտի մէջ մատուցած ծառայութեան,  անդրադարձ կատարելով երիտասարդներու մասնագիտական դաստիարակութեան,  որ կարեւոր դեր ունի աշխատանքի աշխարհի մէջ անոնց ներմուծումի ուղղութեամբ։

Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ ապա գաղթականութեան հարցին եւ հիւրընկալութեան ու համալրումի քաղաքականութեան նիւթին, եւրոպայի ներկայ իրավիճակին մէջ։ Զրոյց կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններու եւ Ենթա-Սահարեան երկիրներու իրավիճակին շուրջ ընդխծելով հարկաւորութիւնը ամրապնդելու յանձնառումը՝ երաշխաւորելու  համար ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.