2016-05-07 09:18:00

Եւրոմիութեան մշակութային ժառանգութեան մրցանակը յանձնուեցաւ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ


Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ հայ համայնքի ու քաղաքապետութեան միջոցներով վերակառուցուած էր ի գին մեծ զոհողութիւններու, իսկ 2011ի Հոկտեմբերին պաշտամունքի վերաբացուած էր՝ դառնալով քաղաքի մշակութային ժառանգութեան գոհարներէն մին, անցեալ տարի դարձեալ ենթարկուեցաւ պատմութեան ծանր հարուածներուն։ Պաշտամունքի վերաբացումէն ընդամէնը չորս տարի ետք միայն, շրջանին մէջ զինեալ բախումներու հետեւանքով, քաղաքի պատմական այլ կառոյցներու հետ միասին հաւատքի այս օճախը եւս վնասներ կրեց։ Զինեալներ յաճախ հոն պատսպարուեցան ու վնասեցին եկեղեցին, որ իր պատմական դիմագիծով արժանացած է թէ՛ բովանդակ հայութեան, թէ՛ տեղացի ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու մեծ ուշադրութեան։

Մշակութային կարեւոր ժառանգութեան մէկ մասնիկը նկատուելուն համար, «Եուրոփա Նոսթրա» մրցանակը, որ Եւրոմիութեան Մշակութային ժառանգութեան մրցանակը կը հանդիսանայ, 2015ի մրցանակակիրներու կարգին ընտրեց նաեւ Ս. Կիրակոս եկեղեցին։

Մրցանակի յանձնումը տեղի ունեցաւ Մայիս 5ին, Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Եւրոմիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութեան նախագահի օգնական Անտրէա Շմիթ, «Եուրոփա Նոսթրա»ի Թուրքիոյ նախագահ փրոֆ. Նուրան Զերեն Կիւլերսոյ, Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըք, Տիգրանակերտի համաքաղաքապետ Ֆրաթ Անլը, քաղաքապետութեան աշխատակիցներ եւ համայնքէն ազգային գործիչներէ բաղկացեալ կոկիկ բազմութիւն մը։ Բոլորը իրենց բողոքը արտայայտեցին զինեալ բախումներուն հետեւանքով՝ պատմական կառոյցներ քանդելու եւ աւերներ գործելու քայլերուն մասին։

Շմիթ շեշտեց, թէ Եւրոմիութիւնը հիմնուած է որպէս հաշտութեան ու համերաշխութեան ընտանիք, եւ հիմա Եւրոմիութիւնը վկայ դարձած է Թուրքիոյ հարաւային նահանգներուն մէջ շարունակուող զինեալ բախումներուն։ «Մեր բոլորին փափաքն է, որ ազգային տարբեր հաւաքականութիւններ համերաշխ ու խաղաղ ապրին քով քովի, նոյն աշխարհագրութեան մը մէջ», նշեց Շմիթ եւ աւելցուց, որ Տիգրանակերտի Սուր շրջանը տեղի ունեցած բախումները մտահոգութիւն կը պատճառեն թէ՛ իրենց պատճառած մարդկային կորուստներով, եւ թէ պատմական հարստութիւններու ոչնչացումով։

Բաւական խիստ արտայայտութիւններ ունեցաւ համաքաղաքապետ Անլըն՝ ըսելով, որ եթէ 1895ի հայերու զանգուածային ջարդերուն քաղաքակիրթ աշխարհը հակադարձէր, ապա ո՛չ 1915ի կոտորածները, ո՛չ ալ յաջորդող ցեղասպանութիւնները կը պատահէին։

Եկեղեցւոյ վերաշինութեան աշխատանքներուն մասին պաստառի վրայ կարճ ցուցադրութիւն մը կատարեց այդ աշխատանքներու պատասխանատուներէն դոկտ. Մերալ Հալիֆէօղլուն, ապա մրցանակը յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ վերաշինութեան յանձնախումբին եւ Ֆրաթ Անլըին։

Մրցանակը յառաջիկային պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ մուտքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.