2016-05-07 09:03:00

Գրիգոր Նարեկացի (951-1003). Հայկեան հանճարին քերթողական սրբալոյս Ճակատը։


12 Ապրիլ 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

 

Մա­յիս 7-ի օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ ծննդեան տա­րե­դար­ձը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի բա­նաս­տեղ­ծա­կան սրբազ­նա­գոյն ճա­ճան­չու­մը հան­դի­սա­ցող Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի։

«­Նա­րեկ» ա­նու­նով մեր ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ սրբացուած ­Նա­րե­կա­ցիի «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» քեր­թո­ղա­կան գլուխ-գոր­ծո­ցը ոչ միայն հայ գրա­կա­նու­թեան վե­հա­շուք Ա­րա­րա­տը կը հան­դի­սա­նայ, այ­լեւ՝ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի կամ ­Սուրբ ­Գիր­քի չափ, հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սի ու սնուն­դի վա­րար աղ­բիւր ու լու­սա­ւոր փա­րոս է հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ա­հա՛ ա­ւե­լի քան հա­զար տա­րիէ ի վեր։

Նա­րե­կայ վան­քէն դուրս աշ­խարհ չտե­սաւ եւ ճգնա­ւո­րու­թե­նէ զատ կեանք չճան­ցաւ Գ­րի­գոր վար­դա­պետ, բայց ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած հան­ճա­րի մտքով ու սրտով, այ­լեւ բո­լոր զգա­յա­րանք­նե­րով՝ շօ­շա­փեց, պե­ղեց եւ վեր­ծա­նեց մարդն ու աշ­խար­հը, կեանքն ու ան­դե­նա­կա­նը ի­մաս­տա­ւո­րող բո­լոր ճշմար­տու­թիւն­նե­րը։

Մա­նա­ւա՛նդ այդ բո­լո­րը յա­ւի­տե­նու­թեան յանձ­նեց բա­նաս­տեղ­ծա­կան այն­պի­սի ե­րաժշ­տու­թեամբ, յու­զա­կան այն­պի­սի ի­րա­ւու­թեամբ եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան այն­պի­սի խո­րու­թեամբ, որ իր ժա­մա­նա­կին շուն­չը դառ­նա­լով մէկ­տեղ՝ ե­ղաւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն հա­մար ա­նանց ճշմար­տու­թեանց պատ­գա­մա­խօ­սը։

Բ­նաւ ալ պա­տա­հա­կան չէ, հե­տե­ւա­բար, որ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան բո­լոր մե­ծու­թիւն­նե­րը, ­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նէն մին­չեւ ­Սիա­ման­թօ, ­Պետ­րոս ­Դու­րեա­նէն մին­չեւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան, ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նէն ու Մի­սաք ­Մե­ծա­րեն­ցէն մին­չեւ Ե­ղի­շէ ­Չա­րենց ու ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ, ան­վա­րա՛ն բո­լո­րը ­Նա­րե­կա­ցին կ­՚ըն­դու­նին իբ­րեւ ի­րա՛ւ յոյ­զե­րու, խո­րա­գո՛յն ճշմար­տու­թեանց եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կա՛ն ա­րա­րու­մի մե­ծա­գոյն ա­ռաջ­նորդն ու վար­պե­տը միան­գա­մայն։

Իսկ հայ մար­դը ա­մէ­նուր եւ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն «­Նա­րեկ»ը պա­հեց իր բար­ձին տակ, իբ­րեւ իր էու­թեան ա­մէ­նէն հա­րա­զատ ու խո­րա­սոյզ վկա­յա­րա­նը՝ ա­նոր մէջ փնտռե­լով ու գտնե­լով ոչ միայն հո­գե­կան մխի­թա­րու­թեան եւ փրկու­թեան, այ­լեւ՝ մարմ­նա­կան ա­պա­քին­ման ու ա­ռող­ջու­թեան հրա­շա­զօր բա­լա­սա­նը։

Վաս­պու­րա­կան աշ­խար­հի Ռշ­տու­նեաց գա­ւա­ռի ծնունդ էր Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի՝ Բզ­նու­նեաց տոհ­մի շա­ռա­ւիղ, որ լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ­Վա­նայ լի­ճի հա­րա­ւը գտնո­ւող անն­շան գիւ­ղի մը մէջ, հո­գե­ւո­րա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան ըն­տա­նի­քի մը յար­կին տակ։ ­Հայ­րը՝ ­Խոս­րով ար­քե­պիս­կո­պոս էր ու ծա­նօթ գրող։ Գ­րի­գոր մա­նուկ տա­րի­քին կորսն­ցու­ցած էր մայ­րը եւ ղրկո­ւած էր հօ­րեղ­բօր՝ Ա­նա­նիա վար­դա­պե­տի մօտ, որ ­Նա­րե­կայ վան­քի վա­նա­հայրն էր. ամ­բողջ իր կեան­քը Գ­րի­գոր ան­ցուց ­Նա­րե­կայ վան­քին մէջ եւ հոն­կէ ալ ստա­ցաւ իր ­Նա­րե­կա­ցի ա­նո­ւա­նու­մը։

Բա­նաս­տեղ­ծի յոր­դա­բուխ յու­զաշ­խար­հով օժ­տո­ւած եւ աս­տո­ւա­ծա­բան-ի­մաս­տա­սէ­րի ընդգր­կուն գի­տե­լի­քով ու ճա­նա­չո­ղու­թեամբ զար­գա­ցած հե­ղի­նա­կու­թիւն էր Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի, որ իր ժա­մա­նա­կի ու­սում­նա­կան այդ կա­րե­ւոր օ­ճա­խի՝ ­Նա­րե­կայ վա­նա­կան դպրո­ցի սիւ­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ։ ­Հա­կա­ռակ որ միայն 52 տա­րի ապ­րե­ցաւ, բայց գրա­կան եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւն մը ըն­ծա­յա­բե­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան գան­ձա­րա­նին։

Նա­րե­կա­ցի ի­րա­ւու­թեան շուն­չով ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան նո­րա­րար մշա­կու­մով յատ­կան­շո­ւող իր «­Տա­ղեր»ով մուտք գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։ ­Հայ հո­գե­ւո­րա­կան դա­սա­կան գրա­կա­նու­թեան մէջ իս­կա­կան յե­ղաշր­ջում կա­տա­րեց՝ հայ­րե­նի բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւնն ու ե­րաժշ­տա­կա­նու­թիւ­նը բա­նաս­տեղ­ծա­կան կշռոյ­թի վե­րա­ծող իր տա­ղե­րով ու գան­ձե­րով։

Յե­ղաշր­ջեց նաեւ հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թեանց ու գե­ղեց­կու­թեանց բա­նաս­տեղ­ծա­կան ըն­կա­լու­մը՝ մարդ­կայ­նաց­նե­լով Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան ողջ խոր­հուրդն ու կրօ­նա­կան պաշ­տա­մուն­քը, Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րով ստեղ­ծո­ւած մարդ էա­կին նե­րաշ­խար­հը բա­նի եւ ե­րաժշ­տու­թեան վե­րա­ծե­լով ու ան­դուլ ինք­նա­մաքր­ման հու­նով զար­գաց­նե­լով։

Այդ­պէ՛ս է, որ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի «­Տա­ղեր»ուն մէջ Աս­տո­ւա­ծա­մայ­րը խորհր­դան­շեց գե­րա­գոյն գե­ղեց­կու­թիւ­նը. Աս­տո­ւա­ծա­մօր նո­ւի­րո­ւած «­Տաղ ­Վար­դա­վա­ռի»ն ­կը հան­դի­սա­նայ հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան գո­հար­նե­րէն մէ­կը։

Բայց յատ­կա­պէս իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին՝ 1002 թուա­կա­նին ա­ւար­տած «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» եր­կա­րա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցի յա­ւեր­ժու­թիւ­նը նո­ւա­ճեց, բո­լոր ազ­գե­րու եւ լե­զու­նե­րու գրա­կա­նու­թեան գան­ձա­րա­նին տա­լով հան­ճա­րեղ գլուխ-գոր­ծոց մը, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը սքան­չա­ցու­մով ու յափշ­տա­կու­թեամբ կը հա­մա­կէ ըն­թեր­ցող­ներն ու գի­տաշ­խա­տող­նե­րը աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։

Նա­րե­կայ վան­քը այ­սօր չկայ, քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին վերջ­նա­կա­նա­պէս քան­դո­ւե­ցաւ ինչ որ մնա­ցած էր եր­բեմ­նի հայ­կա­կան լոյ­սի այդ մեծ օ­ճա­խէն։ ­Բայց «­Նա­րեկ»ը կա՛յ ու կը շա­րու­նա­կէ շունչ, հա­ւատք եւ լոյս տալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­հաս­տատ­ման յա­ւեր­ժա­կան եր­թին։

Քաղուած Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի գրութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.