2016-05-06 10:44:00

Յիսուսեանները Հալէպի մէջ կը դադրեցնեն գաղթականներու ի սպաս ծառայութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեան միաբանութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ի սպաս յիսուսեաններու գաղթականներու ծառայութիւնը, ի տես բռնութեան զօրեղ ալիքին, ցաւ ի սրտի,  ստիպուած է դադրեցնել իր  գործունէութիւնը։

Հաղորդագրութեան մէջ հուսկ Յիսուսեանները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն դադրեցնելու բախումներն ու բռնութիւնները ապա միջազգային հասարակութիւնէն կը խնդրեն օգնութեան հասնիլ անմեղ բնակչութեան եւ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն բոլոր զոհերուն աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած որպէսզի Հալէպի եւ հայման Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը հաստատուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.