2016-05-06 09:56:00

ՀՀ Կառավարութիւնը Արցախի անկախութեան Ճանաչման օրինագիծը ուղարկած է Ազգային Ժողով


Հայաստանի կառավարութիւնը 5 մայիսի իր նիստին համաձայնութիւն տուաւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանի եւ Հրանտ Բագրատեանի` օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» օրինագիծին վերաբերող եզրակացութեան նախագիծին:

Կառավարութեան եզրակացութիւնը ստանալէ ետք, նախագիծը, սահմանուած կարգով, պիտի ներկայացուի խորհրդարանին` առ ի քննարկում: Անիկա ունի երկու յօդուած` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը» եւ «Սոյն օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման օրուան յաջորդող օրը»:

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայացուած օրէնքի նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ քննարկումներու արդիւնքներով` նկատի առնելով հետագայ զարգացումները, որոնց մէջ նաեւ արտաքին գործօնները: Միաժամանակ կը յայտնենք, որ, ներկայացուած օրէնքի նախագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ քննարկելու ընթացքին յարակից զեկուցումով հանդէս կու գայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը», գրուած է, մասնաւորապէս, օրինագիծին հետ նոյն թղթածրարին մէջ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած` Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին յղուած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին նամակին մէջ:

Յիշեցնենք, որ` ի պատասխան Հայաստանի կառավարութեան նիստին օրակարգին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչցող օրինագիծի ընդգրկման գծով պաշտօնական Պաքուի ջղագրգիռ արձագանգին` պաշտօնական Երեւան հերքած է, թէ կը պատրաստուի համաձայնութիւն տալ նախագիծին: «Կառավարութեան օրակարգին մէջ ներառուած է համաձայնութիւն տալը ո՛չ թէ օրէնքի նախագիծին, այլ կառավարութեան եզրակացութեան: Իսկ համաձայն եզրակացութեան, ճանաչումը պայմանաւորուած է իրավիճակի հետագայ զարգացումներով: Եթէ Ազրպէյճան ծաւալէ զինուորական նոր գործողութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը կը մտնէ օրակարգ», յայտարարած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Առայժմ յայտնի չէ, թէ նախագիծը ե՛րբ կ՛ընդգրկուի խորհրդարանի օրակարգին վրայ:

Նիստին յաջորդած զրոյցին ընթացքին Շ. Քոչարեան վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման գծով. «Ինչ կը վերաբերի բուն ճանաչման խնդիրին, ապա մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է, որ եթէ Ազրպէյճանը փորձէ խուսափիլ զինադադարի հաստատման դրութենէն եւ նոր գործողութիւններ ծաւալէ, կը մտնէ օրակարգ»:

Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ Արցախի ճանաչումը չի՞ տապալեր տագնապի լուծման Մինսքի գործընթացը` Քոչարեան ըսած է. «Մինսքի գործընթացի աւարտին կ՛առաջնորդեն Ազրպէյճանի յարձակումները, եւ ոչ թէ մեր իրաւական քայլերը»:

Քաղուած <<Ազդակէն>>








All the contents on this site are copyrighted ©.