2016-05-06 09:54:00

Հանդիպում Վատիկանի Պապական Նուիրակի տեղակալին հետ։


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Մայիս 3ին, ՀՅԴի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէներէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Ուաշինկթընի մէջ Վատիկանի դեսպանատունը, ուր տեղի ունեցաւ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչներ Հայկ Օշական եւ Յովսէփ Աւագեան:

ՀՅԴ պատուիրակութեան հետ տեսակցեցաւ Վատիկանի պապական նուիրակի տեղակալ մոնսինիոր Ռոլանտա Մաքրիքաս (պապական նուիրակը երկրէն դուրս կը գտնուէր): Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ Արցախի մէջ պարզուած ներկայ իրավիճակը։ ՀՅԴ պատուիրակութիւնը շեշտեց, թէ դժբախտաբար կարգ մը լրատուամիջոցներ չափազանցուած կրօնական բնոյթ կու տան հիմնահարցին՝ յաւելեալ աղաւաղում կատարելով: Նաեւ, պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը փոխանցեց Ֆրանսիս պապի յայտարարութիւններուն առթիւ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ:

Պապական նուիրակի տեղակալ Մաքրիքաս իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց եւ բաժնեց ներկայացուած մտահոգութիւնները: Նաեւ նշուեցաւ, թէ Ֆրանսիս պապը յառաջիկայ Յունիսին պիտի մեկնի Հայաստան: Այս այցելութիւնը իր առաջնահերթ դերը պիտի ունենայ խաղաղութիւն հաստատելու եւ բանակցութիւններով լուծելու համար Արցախի հիմնահարցը:

Կողմերը շեշտեցին, թէ պատերազմի սպառնալիքին տակ կարելի չէ բանակցիլ:

Տեսակցութեան աւարտին, Վատիկանի պապական նուիրակի տեղակալ Ռոլանտա Մաքրիքաս շնորհակալութիւն յայտնեց եւ նշեց, թէ նմանօրինակ հանդիպումներ պէտք է հերթաբար կրկնուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.