2016-05-05 10:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Միայն Աստուած կարող է վերացնել ողբերգութիւններու պատճառները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 5 Մայիս 2016. Տօն Համբարձման Տէրն Մեր Յիսուս Քրիստոսի։ Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակուած թուիթի մը մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Տիրոջ նման մենք եւս կանչուած ենք մխիթարելու մեր եղբայրները եւ այս մէկը ընելու ենք վկայելով թէ միայն Աստուած կարող է վերացնել ողբերգութիւններու պատճառները''։

''Տէրը մեզ կը մխիթարէ։ Ամէնքս կանչուած ենք մխիթարելու մեր եղբայրները, վկայելով թէ միայն Աստուած կարող է վերացնել ողբերգութիւններու պատճառները'', գրեց Նորին Սրբութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.