2016-05-05 10:46:00

Վշտահարներու եւ մխիթարութեան կարօտ անձերու ի սպաս աղօթքի հսկում։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին,  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի կ՝ունենայ մխիթարութեան կարօտ ունեցող եւ վշտահար անձերու դիտաւորութեան աղօթքի հսկում,  Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ։  

Այս առնչութեամբ Քահանայապետական նոր Աւետարանման խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ վերոնշեալ աղօթքի հսկումի նպատակակէտն է ''սրբել արցունքներն անոնց որոնք կարիքն ունին մխիթարութեան''։

Աղօթքի հսկումի արարողութեան նախատեսուած են վկայութիւններ­, աղօթքներ ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ վշտահար անձերուն շնորհուած յատկանշական նուէրի մը յանձնումը։

Վկայութիւններու շարքին նշենք ընտանիքի մը վկայութիւնը որ ապրած է անձնասպան եղած զաւակի ողբալի փորձառութիւնը, ապա քաղաքական ապաստանել Փաքիստանցի կաթողիկէ լրագրողի մը վկայութիւնը, որ իր երկրէն հեռացած է եւ բնակութիւն հաստատած է Իտալիոյ մէջ փախչելու համար հալածանքէն, հուսկ երկու երկորեակ եղբայրներու վկայութիւնը` որոնցմէ մին կեանքը վատնած էր ունայնութեամբ ու կորսնցուցած էր կեանքի ուղեցոյցը, որ ապա զայն գտաւ միայն իր մօր արցունքներուն ու հաւատքի քաջութեան պատճառաւ։

Յայտնենք թէ Աղօթքի Հսկումի ընթացքին  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը զետեղուի Սիրաքուզա մարզէն բերուած Արցունքներու Տիրամօր սրբապատկերն ու մասունքները, Աստուածամօր նուիրուած այս ամսուայ ընթացքին Անորմէ հայցելու մայրական հոգատարութիւն եւ պաշտպանութիւն։

Աղօթքներ եւ կեանքի ապրումներ, թրջուած արցունքով եւ սրբուած հաւատքով, այս պիտի ըլլայ աղօթքի հսկումի առանցքը, որուն ընթացքին կ՛արտայայտուի հոգեւոր ողորմութեան ներգործութիւնը ''մխիթարել վշտահարները''։

Արարողութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ, որպէս մխիթարանքի եւ յոյսի նշան, ներկաներուն պիտի նուիրէ իր կողմէ օրհնուած ''Գառն Աստուծոյ'' պաշտամունքի սուրբ առարկայ  մը,  որուն վրայ գծագրուած են Սուրբ Զատիկը եւ Ողորմութեան  Սուրբ Տարին  յատկանշող զոյգ խորհրդանիշերը։ 

Վերոնշեալ յատկանշական նուէրը Քահանայապետի անմիջական ձեռքէն պիտի ընդունին տասը անձինք, որոնք իրենց կեանքին մէջ կը կրեն տառապանքի վէրքեր, ինչպէս է պարագան Ռուանտացի երիտասարդի մը որ` 1994-ին Ռուանտայի ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցած է իր ընտանիքի անդամներուն մեծամասնութիւնը եւ կամ այլ երիտասարդի մը որ զոհ էր դրամախաղի մոլութեան։

Ողբերգութեան եւ վերածնունդի պատմութիւններ, ու անոնց արցունքները որոնք ինկան տառապանքի հողին վրայ, ապա  հաւատքի լոյսին մէջ վերագտան վերականգնելու ուժը եւ կարողացան իրենց գոյութեան անապատները փոխակերպել յոյսի այգիներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.