2016-05-05 12:25:00

Թուրքիոյ մէջ կը քննարկուի վարչապետ Տաւութօղլուի հրաժարականի հարցը


Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներուն մէջ կը թէժանան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի միջեւ առկայ տարաձայնութիւններու եւ վարչապետին հնարաւոր հրաժարականի մասին քննարկումները:

Այս քննարկումներու թէժացման շարժառիթ դարձած է երէկ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խմբակցութեան նիստի ընքացքին Տաւութօղլուի զգացական ելոյթը: «Եթէ կայ պաշտօն մը, որմէ հասարակ մահկանացուն կը մտածէ թէ ոչ ոք, երբեք չի հրաժարիր, ապա ես անտարբերութեամբ այդ պաշտօնը կը ձգեմ», ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Տաւութօղլուն:

Երէկ նախագահական նստավայրին մէջ նախատեսուածէն մէկ օր շուտ տեղի ունեցաւ Էրտողան-Տաւութօղլու երկկողմ հանդիպումը, որուն օրակարգին վրայ թրքական մամուլի մեկնաբանութեամբ Տաւութօղլուի հրաժարականի հարցը եղած է:

Թրքական թերթերու գլխաւոր էջերուն կը հանդիպինք  «Տաւութօղլուն հրաժարակա՞ն կու տայ», «Այսօր Տաւութօողլու հրաժարականի ժողովն է»,  «Տաւութօղլուն հրաժարականը գրպանին կ՛երթայ նախագահական նստավայր»  եւ այլ նմանատիպ վերնագիրներով հրապարակումներ:

Նախագահական նստավայրին մէջ մօտ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւած հանդիպումէ յետոյ, նախագահականի մամուլի ծառայութենէն պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն պիտի չըլլայ:

Թէեւ պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն չկայ` քննարկումները կը շարունակուին: Նոյնսիկ կը նշուի, որ Տաւութօղլուի հրաժարականէն ետք ժամանակաւորապէս անոր պաշտօնին պիտի նշանակուի Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղը:

Հաւանական թեկնածուներու շարքին կը համարուի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի փեսային` Ուժանիւթի նախարար  Պերաթ Ալպայրաքի նշանակումը:

Քաղուած <<Եռագոյնէն>>








All the contents on this site are copyrighted ©.