2016-05-05 09:53:00

Աւելի քան տասը Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւնները ի սպաս Արցախին


Ֆրանսայի հայկական համայնքը hիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Այս մասին Armenpress.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:

Անոր տեղեկութիւններով` 10-է աւելի ֆրանսահայ կազմակերպութիւն հանդէս եկած է Արցախին աջակցելու կոչերով, որոնց արձագանգած են շատ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ: «Ֆրանսայի հայկական այդ կազմակերպութիւններու ﬕջոցով անոնք իրենց ֆինանսական օժանդակութիւնը  բերած են արցախահայութեան: Այսինքն` կրնանք ըսել, որ արցախահայութեան աջակցելու կոչին տեղի բնակչութեան շրջանին բաւական աշխոյժ արձագանգ եղաւ»,- ըսած է Յովհաննէս Գէորգեան:

Ան յայտնած է, որ ատկէ բացի, բազմաթիւ ֆրանսահայեր ուղղակիօրէն իրենց օժանդակութիւնը  բերած են Արցախին` փոխանցուﬓեր կատարելով Արցախի Ֆինանսներու նախարարութեան բացած հաշուեհամարին: «Ասոնք ուղղակի փոխանցուﬓերն են, այսինքն` ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ﬕջոցով չեն անցնիր: Ինչպէս կը տեսնէք, այս երկու տարբերակով ալ օժանդակութիւնը առկայ է: Արցախին ֆինանսական օժանդակութեան տրամադրումը ﬕնչեւ այսօր ալ կ’ընթանան, յառաջիկայ շաբաթներուն ալ դեռ գործընթացքը կը շարունակուի»,- ըսած է Յովհաննէս Գէորգեան:

Քաղուած <<Եռագոյնէն>>

 








All the contents on this site are copyrighted ©.