2016-05-04 12:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը ''Կորսուած ոչխարը''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 4 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած` իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։ 

Ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած ճարին սկիզբ տալով Նորին սրբութիւնը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, ամէնքս կը ճանչնանք Բարի Հովիւի պատկերը որ իր ուսերուն վրայ կ՛առնէ կորսուած ոչխարը։ Այս պատկերը միշտ եղած է յատկանիշը Յիսուսի հոգատարութեան մեղաւորներուն նկատմամբ, ու յատկանիշը Աստուծոյ ողորմութեան որ երբեք չ՛ուզեր եւ ոչ մէկը կորսնցնել։ 

Յիսուս այս առակը կը պատմէ  բացայայտելու համար թէ մեղաւորներուն նկատմամբ  իր մօտիկութիւնը գայթակղութիւն պէտք չէ պատճառէ, այլ ընդհակառակը, պէտք է բոլորին մէջ յարուցէ խորհրդածութիւն մը` մեր հաւատքի ապրումի մասին։

Առակը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ունի երեք տիպարներ` Հովիւը, կորսուած ոչխարը եւ հօտը։ Միակ դերակատարը սակայն հովիւն է, որմէ կախում ունի ամէն ինչ։ Առակի սկիզբը կայ հարցում մը 'Ձեր մէջ ո՞վ եթէ ունենայ հարիւր ոչխարներ եւ կորսնցնէ անոնցմէ մէկ հատը, ինիսուն եւ ինն չի թողուր եւ չ՛երթար կորսուածը փնտռելու, մինչեւ որ գտնէ զայն''։

Հարցում մը որ խորհրդածել կու տայ Հովիւի իսկական վարուելակերպի մասին եւ որ իր կարգին հարցումներ  կը յառաջացնէ։ Յիսուս այս առակով կ՛ուզէ մեզի հասկցնել թէ կարելի չէ եւ ոչ մէկ ոչխար կորսնցնել, Աստուած Ինք եւս միշտ կը փնտռէ կսորուած զաւակները, որպէսզի ապա անոնց հետ խնջոյք սարքէ եւ ուրախանայ։ Մեղաւորին հանդէպ ողորմութիւնը Աստուծոյ վարուելակերպն է եւ Ինք այս ողորմութեան հաւատարիմ է, ու ոչ մէկ բան կարող է զինք շեղեցնել փրկութեան իր այս իղձէն։

Տիրոջ հօտը միշտ ուղեւորութեան մէջ է, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ  Հովիւը կը գտնուի միշտ այնտեղ ուր ոչխարը կորսուած է եւ թէ հարկաւոր է Տէրը փնտռել այնտեղ ուր Ինք կ՛ուզէ մեզի հանդիպիլ։ Իր այս կորսուած ոչխարը փնտռելով Տէրը կը խրախուսէ նաեւ միւս իննսուն եւ ինը ոչխարները հետեւելու իրեն եւ գործելու ի սպաս հօտի միացումին,­ որպէսզի բոլորը մէկ միասնաբար ուրախանան։

 

Պէտք է խորապէս մտածել այս առակի մասին, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութեան աւարտին, որովհետեւ քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ յաճախ կան անձեր որոնք կորսուած են։ Այս ընելու համար հարկաւոր է ունենալ միսիոներական սլացք ու չփակուիլ փարախին մէջ, այլ ընթանալ միշտ դէպի ուրիշը։ Ոչ մէկ հեռաւորութիւն կրնայ հեռու պահել Հովիւը իր հօտէն ու ոչ մէկ Հօտ կրնայ զանց ընել եղբայր մը։

Գտնել կորսուածը` Աստուծոյ եւ հովիւին ուրախութիւնն է, եւ է նաեւ ուրախութիւնը համայն հօտին։ Ամէնքս արդարեւ կորսուած եւ գտնուած ոչխարներ ենք, համախմբուած Տիրոջ ողորմութեան շնորհիւ ու կանչուած` Անոր հետ  միաւորելու բոլոր հօտը։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

Մայիս ամիսը նուիրուած է Աստուածամօր, սիրելի երիտասարդներ, ամրապնդեցէք ձեր ջերմեռանդութիւնը Աստուածամօր հանդէպ` Սուրբ Վարդարանի ամենօրեայ աղօթքով։ Սիրելի հիւանդներ, ձեր խաչի բերին ժամանակ փորձարկեցէք Նազարէթի Մարիամի մօտիկութիւնը եւ դուք սիրելի նորապսակներ աղօթեցէք Անոր որպէսզի ձեր տան մէջ երբեք չպակսին փոխադարձ սէրն ու յարգանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.