2016-05-04 09:43:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Գազաններու բնազդային վարմունքը

Գազաններու բնազդային վարմունքին մէջ ամէն շարժում նախագծուած է բնութեան հրաշալի նախագծումով: Նոյնիսկ նախքան յարձակումի որեւէ փորձ, գազանին «մտածելը», հաշուարկ կատարելը եւ ապա դէպի գործ ընթանալը, իր բնազդին մէջ սկիզբէն սահմանուած ծրագիրին համապատասխան կը կատարուի: Պահուան կամ լաւ եւս վտանգի ազդեցութեան տակ, կրնայ պատահիլ, որ անակնկալ արտասովոր շարժում մը կատարէ որեւէ կենդանի, սակայն այդ երկրորդ ծրագիրն ալ սկիզբէն «տեղադրուած» կ՛ըլլայ անոր բնազդին մէջ, ու առաջին ծրագիրը անգիտակցաբար չեղեալ երբ նկատէ անիկա, երկրորդը ի գործ կը դնէ, դարձեալ բնազդաբար եւ երբեմն անդրադարձ շարժումով:

Յաճախ մենք̓ սովորական մարդիկս,  կը սիրենք տեսնել գազաններու  միջեւ երեւցող բացայայտ տարբերութիւնները եւ խօսիլ անոնց մասին: Կենդանիները իրարմէ կը տարբերին ո՛չ միայն իրենց արտաքին չափերով, այլ՝ ուժգնութեամբ, դիմացկունութեամբ, քաղցի ու ծարաւի տոկալու բնատուր կարողութիւններով, որոճալու ստամոքսային հնարաւորութեամբ եւ այլ բնապարգեւ առանձնայատկութիւններով:

Տարօրինակ է, որ անտառի ամէնէն հզօր կենդանին ընդունուած ըլլալով հանդերձ, առիւծը շատ աւելի մեղմ ու «բարի» կը համարուի, քան՝ գայլը: Առիւծին «արքայական ծագում» տալու եւ «անտառի թագաւոր» հռչակելու որոշումը ո՛չ թէ հեքիաթներու աշխարհին վաւերացումով ընդունած են մարդիկ, այլ ուղղակի նայելով անոր արտաքին վեհ տեսքին ու հպարտ քալուածքին, ինչպէս նաեւ ազնուական ոսկեծամ բաշերուն: Իսկ գայլը միշտ զազիր տեսքով պատկերացուած է, կլափին շուրջը ընդհանրապէս արիւնլուայ, աչքերուն մէջ թշնամական փայլք եւ խորաթափանց հայեացք, ինչպէս նաեւ մնայուն զգօնութիւն՝ յարձակման պատրաստ դիրքորոշումով:

Բարոյախօսական խրատներուն մէջ մասնաւոր տեղ ունի գայլին անզիջող բնաւորութեան եւ մարդկային ներումի քաղաքականութեան հակադիր կողմերու բաղդատականը: Գայլին կողմէ ներումը, իր մահն իսկ է: Լսուած խօսք է այս: Գայլը ո՛չ թէ չի՛ ներեր, ո՛չ թէ չի՛ կրնար ներել, այլ՝ ներել չի՛ գիտեր: Իր բնազդային բառարանին մէջ բնա՛ւ չկայ այդ բառը:

Բարի քրիստոնեայ անձ մը, որ բոլորին կը ներէր, պիտի ըսէր՝ «գայլը քրիստոնեայ չէ՛, որպէսզի ներէ…»: Ուրեմն ներելու գաղափարը խորթ է գայլին, այլապէս անիկա կը կորսնցնէ իր գայլութեան համար ամէնէն էական՝ ներել չգիտնալու յատկանիշը, որուն իբրեւ հետեւանք անօթի կը սատկի անիկա, լեռներու անյայտ ծերպերուն մէջ:

Գայլը գիտէ՛ լաւը եւ թարմը որսալ: Անիկա նեխած դիակներու չի՛ մօտենար, այլ՝ ողջ ու նոյնիսկ աւելի փափկամորթ անասուն կ՛ընտրէ իբրեւ թիրախ, ու զայն համեղաճաշակ որս համարելով կը հետապնդէ եւ կը զգետնէ զայն, շնատամները խրելով անոր վիզին ու ծոծրակին, շնչահեղձ ընելու եւ ապա վայելելու իր աւարը:

«Ճաշակաւոր» այս անասունին հակառակ, անտառի «կազմ»ին մէջ կայ նաեւ մէկ այլ յափշտակիչ գազան, աւելի մեղմ ձայնով, շատ աւելի վախկոտ շարժումներով եւ իրմէ աւելի զօրաւորէն ունեցած վախի ազդեցութեան տակ՝ զգուշաւոր քալուածքով. բորենին է այդ։ Ան ամէն ինչ մարսելու յարմարութեամբ ստամոքս ունի եւ գտածը ուտելու պատրաստակամութեամբ չորքոտանի մըն է:

Մարդկային բարոյական կեանքը միշտ բնութեան ու կենդանական աշխարհին մէջ ունի իր կրկնօրինակումը…

«Մարդը ընկերային կենդանի է»: Ճիշդ է: Որովհետեւ յափշտակելու մոլուցքը ամէնէն խաղաղ բնաւորութեամբ մարդուն մէջ ալ կրնայ յայտնուիլ, երբ անօթութիւնը սաստկանայ եւ ուտելով իր կենդանութիւնը պահպանելու բնական մղում զգայ ենթական: Սակայն, բանականութիւնը չի՛ թոյլատրեր, որ մարդը կենդանիի նման վարուի, գէթ իր ծանօթ անձերուն հետ, այնպէս ինչպէս նոյն երամակին, վոհմակին կամ կենդանական խումբին պատկանողները սովորաբար աւելի «փափկանկատ» կ՛ըլլան իրարու նկատմամբ: Մինչ ամբողջովին օտար անասունի հանդէպ՝ անզիջող ու դաժան:

Բանականութեամբ օժտուած մարդուն վարքին անյարիր է ուրիշին քրտինքով շահած վաստակը յափշտակել: Այս արարքը բազմաթիւ կոչումներ ունի՝ գողութիւն, յափշտակութիւն, զեղծարարութիւն, խաբեբայութիւն եւ նուազագոյն պարագային՝ ճարպիկութիւն: Վերջին այս բառը, սակայն, այնքան տկար է ու անյաջող, որ հակառակորդ կողմը կը մղէ նոյն վարմունքը ցուցաբերելու անոր հեղինակին նկատմամբ: «Եթէ դուն ճարպիկ ես, ես աւելի՛ ճարպիկ եմ» կրնայ ըսել յափշտակուողը եւ աւելի՛ արթնութեամբ հսկել իր «գոյք»ին, զայն պահպանելով ճարպիկ աւազակին յափշտակիչ ձեռքերէն:

Գայլը յափշտակիչ գազան մըն է, սակայն անոր  ճաշակը՝ գործը իր ձեռքով տեսնելու, նախընտրելի է, քան՝ բորենիին անպէտ ախորժակը, որուն հետեւանքով յաճախ անօթի ալ կը մնայ անիկա:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.