2016-05-04 14:16:00

Հալէպահայ փոքրիկները իրենց խնայողութիւնները կ՝ուղարկեն Արցախ


Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր իրավիճակին, Հալէպի Ազգային Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարաններու աշակերտները կը փորձեն իրենց զօրկացութիւնը յայտնել Արցախին եւ ունենալ իրենց փոքրիկ, բայց անչափ խորհրդանշական ներդրումը:

Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Բերիոյ Հայոց թեմի մամուլի խօսնակ Ժիրայր Րէյիսեան «Հայերն այսօր»- ին կը յայտնէ, որ վարժարաններու աշակերտները իրենց առօրեայ ծախսը խնայելով` «փոքրիկ» խնայողութիւնները որոշած են յատկացնել արցախեան գոյապայքարի մասնակիցներուն, Արցախի իրենց հայրենակիցներուն:

«Ասիկա գոյատեւելու հաստատակամութեան լաւագոյն արտայայտութիւնն է: Այսօր հալէպահայ մանուկն ու պատանին իր ապրած դժուարութիւններու, ռմբակոծութիւններու եւ անապահով իրավիճակի ծանրութիւնը սեփական մաշկին վրայ զգալով՝ ուրիշներէն շատ աւելի լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ կը նշանակէ պատերազմ, ինչ կը նշանակէ վտանգուած ըլլալ»,- կը նշէ Ժիրայր Րէյիսեան:

Նշենք, որ հալէպահայ փոքրիկները իրենց նուիրատւութիւնը կատարած են Մայիս 3-ի առաւօտեան` տարեվերջեան քննութենէն առաջ, երբ քաղաքը կը գտնուէր հրթիռակոծութեան եւ պայթիւններու տարափի տակ:








All the contents on this site are copyrighted ©.