ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ յառաջիկայ ժամերուն Հալէպի մէջ կրնայ զինադադար հաստատուիլ:
Լաւրով յայտնած է, որ Ռուսիա կը պնդէ թուրք-սուրիական սահմանի փակման վրայ, որուն միջոցով սպառազինութիւն եւ զինեալներ կը մատակարարուին ահաբեկիչներուն:
Ըստ անոր, յառաջիկայ օրերուն պէտք է հրապարակուի ահաբեկիչներուն ցուցաբերուող որեւէ օժանդակութեան կասեցման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հերթական զեկուցումը: Լաւրով նաեւ ընդգծեց, որ Ռուսիան բարձր կը գնահատէ սուրիական տագնապի լուծման նպատակով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` Սուրիոյ խնդիրով յատուկ բանագնաց Սթեֆան տը Միսթուրայի գործադրած ջանքերը:
«Կ՛ողջունենք ձեր ջանքերը, զանոնք բարձր կը գնահատենք», ըսած է ան` աւելցնելով. «Կը կարծենք, որ ատիկա շատ կարեւոր ներդրում է գործին մէջ շարժելու բոլոր այն ուղղութիւններով, որոնք նշուած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն մէջ»:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակը անհրաժեշտ կը նկատէ Սուրիոյ մէջ կրակոցի դադրեցման դրութեան պահպանման աւելի յուսալի գործիքակազմի մշակումը:
Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
All the contents on this site are copyrighted ©. |