2016-05-03 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը հայող Մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ի Մայիս ամսուայ որպէս Քահանայապետական ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է ''Որպէսզի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ կիները միշտ յարգուին եւ մեծարուին եւ արժեւորուի անոնց ընկերութեան ի սպաս` էական ներդրումը''։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, լսատեսողական պատգամով մը մեկնաբանեց այս աղօթքի դիտաւորութիւնը, հաստատելով թէ  ''Անժխտելի է կիներու բերած սատարը մարդկային գործունէութեան բոլոր ոլորտներու ծիրէն ներս, սկսեալ ընտանիքէն։ Սակայն այս մէկը ճանչնալը....բաւարա՞ր է։

Շատ քիչ բան ըրինք ի սպաս կիներուն, որոնք կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ, անարգուած, մեկուսացուած ու նոյնիսկ ստրկութեան մատնուած։

Մենք դատապարտելու ենք սեռային բռնութիւնները որոնց թիրախ են կիները եւ վերցնելու ենք այն խոչընդոտները որոնք արգելք են անոնց լիարժէք ներմուծումին, հասարակական, քաղաքական ու տնտեսական կեանքէն ներս։

Եթէ կը մտածես թէ այն մէկը արդար է, ինծի միացիր այս խնդրանքը ճանչցնելով բոլորին։ Ապա աղօթք մը ''Որպէսզի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ կիները միշտ յարգուին եւ մեծարուին եւ արժեւորուի անոնց ընկերութեան ի սպաս` էական ներդրումը''։

ԻՄ ԱՇԽԱՏԱՆՔՍ ՀԱՒԱՍԱՐ Է ԱՅՐ ՄԱՐԴՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

ԵՐԲԵՔ ՍՏՐՈՒԿ ՊԻՏԻ ՉԻ ԴԱՌՆԱՄ

ՈՉ ՍԵՌԱՅԻՆ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ

ԲԱՒ Է ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԷՋ ԽՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՅՐ ՄԱՐԴԻԿ ՈՒ ԿԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԵՆՔ








All the contents on this site are copyrighted ©.