2016-05-03 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 մայիսի քարոզը ՝՝Յիսուս Ճշմարիտ ճանապարհն է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեայի մը համար  Յիսուս միակ ճշմարիտ ուղին է  եւ անհրաժեշտ է ստէպ ստուգել  եթէ  մեր կեանքի  ուղեւորութեան ընթացքին   մեր ապրած հաւատքը կորսնցուցած ենք կամ ալ կանգ առած է։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի երեքշաբթի, 3 մայիս 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած քարոզին նիւթը ։

Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ հաւատքի կեանքը ուղեւորութիւն մըն է,  որուն ընթացքին կը հանդիպինք զանազան տեսակի քրիստոնեաներու թուեց հետեւեալ  օրինակներ.

Թափառող, պնդագլուխ, ''մումիայի'' նման քրիստոնեաներ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներ, որոնք իրենց  ուղեւորութեան ընթացքին  գեղեցիկ  բնութեան դիմաց կանգ առած  ապշահար կը դիտեն իրենց շուրջը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ապա թէ կան մարդիկ,  որոնք զանազան  պատճառներու բերումով մոռցած են թէ իրենց  միակ ճշմարիտ ուղին  Քրիստոսի ուղին է՝ զոր յայտնեց Սուրբ Թովմաս առաքեալին ըսելով  ՝՝Ես եմ ճշմարիտ ճանապարհը եւ  ան որ զիս կը տեսնէ ՝ Հայրս է որ կը տեսնէ։

Սրբազան հայրը  անդդադառնալով  ապա ''մումիայի'' նման քրիստոնեաներուն ըսաւ

՝՝Այն քրիստոնեան որ յառաջ չ՝ ընթանար եւ իր կենաքին մէջ  անշարժ կը մնայ ան  չի ծաղկեցներ Երանելիութիւնները, եւ չի կատարեր Ողորմութեան գործեր ։ Իսկ՝  հոգեւոր ''մումիաները''  այն քրիստոնեաներն են,  որոնք անշարժ վիճակի մէջ կը գտնուին,  ոչ բարիք կը գործեն ոչ ալ չարիք  - ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ -  ապա  անդրադարձաւ պնդագլուխ քրիստոնեաներու մասին ,յայտնելով՝  թէ   պատահական է որ քրիստոնեայ մը կարենայ ճամբան սխալիլ , սակայն  այս մէկը ամէնէն  վատը չէ։ Ինչ որ  Ողբերգական է ըսաւ Ֆրանչիսկոս  Պապ  պնդագլուխ ըլլալն է՝  եւ այս տեսակի քրիստոնեաները  անոնք են որոնք  ընթանալով հանդերձ չեն գիտեր իրենց ճամբուն ուղղութիւնը։

Ինչ կը հայի  թափառող քրիստոնեաներուն եւ անոնց որոնք չեն գիտեր իրենց ուղեւորութեան կողմնացոյցը,  եւ իւրաքանչիւր գեղեցիկ տեսարանի կամ գաղափարի մը դիմաց կանգ կ՝առնեն եւ ապշահար կը դիտեն, Ֆրանչիսկսո Պապ  հաստատեց՝ թէ  Քրիստոնեայի կեանքը՝ հրապուրիչ կեանք մը  չէ այլ  ճշմարտութիւն՝ Յիսուսի Քրիստոսի Ճշմարտութիւնը։

Քարոզը աւարտելով  Սրբազան Հայրը հրաւիրեց  հարց տալու,  թէ ինչպէսի քրիստոնեաներ ենք  ՝ թափառաշրջիկ, անշարժ .   արդեօք կանգ կ՝առնենք   գեղեցիկ տեսարանի մը դիմաց կամ ալ  կը հետեւինք Յիսուսին՝ որ է ճշմարիտ Ճանապարհը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.