2016-05-03 09:36:00

Հայաստանի նոր դեպանին անդրանիկ այցելութիւնը Զմմառու վանք


Երկուշաբթի 2 Մայիս 2016ին, կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Զմմառու վանք այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, որուն կ'ընկերանային իր կողակիցը՝ ազնուափայլ Տիկ. Իզապէլլա Մկրտչեան և Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս՝ Տիար Աշոտ Վարդանեան: Զմմառու վանքին մուտքին՝ Վանքիս Մեծաւոր Հայրը, ընկերակցութեամբ վարչական Հայրերու, դպրեվանքի փոխ տեսուչ Հօր և ժառանգաւորներուն ընդունեց մեծապատիւ հիւրերը: Վանքիս Մեծաւորը ի խորոց սրտէ բարի գալուստ մաղթեց Պրն. Դեսպանին, անոր կողակցին և Հիւպատոսին, մաղթելով որ Հայաստանի Հանրապետութեան և Զմմառու վանքի միջեւ սերտ յարաբերութիւն մը հաստատուի, նկատի ունենալով Զմմառու վանքի տեղն ու դերը Լիբանանեան և Սփիւռքի կեանքի մէջ: Մեծաւոր Հայրը յանուն Վարչութեան բարի առաքելութիւն մաղթեց Պրն. Դեսպանին, նկատելով որ ան նոր նշանակուած էր իր այս պաշտօնին վրայ: Այս ջերմ մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան նաեւ Զմմառու վանքի մշակութային և առաքելական գործունէութիւններուն ու ապագայ ծրագիրներու նիւթերը, ինչպէս նաեւ Միաբանութեան եւ ՀՀ դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները: 
Այնուհետեւ Մեծարգոյ հիւրերը այցելեցին վանքի զանազան բաժիները. Մայր տաճար, թանգարան, հին վեհարան, մատենադարանը, Ձեռագրատուն և հնատիպներու բաժին, ինչպէս նաեւ գինեմառանը, որմէ ետք՝ մասնակցեցան կէսօրուայ ճաշին: Այցելութեան աւարտին՝ Պրն. Դեսպանը հիացմունքով արտայայտուեցաւ վանքի հոգեւոր և ազգային ժառանգութեան, որ մեծ տպաւորութիւն թողած էր իր վրայ: Պարոն դեսպանը բարձր գնահատեց Զմմառու վանքի տարած աշխատանքները, յատկապէս նոր ամփիթատրոնի մը կառուցումով, որ եզակի է իր տեսակին մէջ Սփիւռքի իրականութեան մէջ: Հուսկ իր պատրաստակամութիւն յայտնեց յարմար առիթներով աջակցելու անոր








All the contents on this site are copyrighted ©.