2016-05-02 09:41:00

Սուրիոյ զանազան նահանգներու մէջ զօրակցական հաւաքներ՝ ի նպաստ հալէպին


Կիրակի՝2 մայիս 2016-ին, այսօր Սուրիոյ զանազան նահանգներուն մէջ զօրակցական հաւաքներ տեղի ունեցան ի նպաստ ահաբեկչական յարձակումներուն կուրծք տուող եւ օրական զոհեր եւ վիրաւորներ ունեցող Հալէպին ու անոր բնակչութեան, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Նշեալ հաւաքներուն Սուրիոյ քաղաքացիները շեշտեցին, որ Հալէպը թիրախ դարձած է իր դիմադրողականութեան պատճառով։ Անոնք հաւաստիացուցին, որ իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն՝ ողջ աշխարհին պարզելու ահաբեկչական խմբաւորումներուն բարբարոսութիւններուն հետեւանքով Հալէպի ապրած ողբերգութիւնը ապա պահանջեցին, որ սուրիական բանակը լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկէ՝ վերջ տալու ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի բնակչութեան հրթիռակոծման։

Նշենք, թէ անցեալ շաբթուայ ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Հալէպի բնակչութեան հրթիռակոծման հետեւանքով արձանագրուած է 90 զոհ եւ շուրջ 1000 վիրաւոր։ Քանդուած են բազմաթիւ բնակարաններ եւ խանութներ։

Օրերս Հալէպի ժողովուրդը արեան տուչութեան արշաւներ կը կազմակերպէ՝ օգնութեան հասնելու վիրաւորներուն, իսկ պետական հիւանդանոցներուն կողքին, քաղաքի սեփական հիւանդանոցները անվճար ծառայութիւն կը մատուցեն՝ ընդունելով բազմաթիւ վիրաւորներ, օգնութեան փութալու Հալէպի ժողովուրդին։

Աւելցնենք, որ սուրիական լրատուամիրոցները երկու օրէ ի վեր իրենց յայտագիրներուն վիթխարի բաժինը յատկացուցած են Հալէպի աղէտին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.