2016-05-02 09:32:00

Հալէպը աղէտալի վիճակի մէջ։


Հալէպի ապահովական վիճակը մինչեւ այս ժամը կը մնայ աղէտալի։ Աւելի քան ժամ մըն է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Սուլէյմանիէ շրջանը՝ MTN-ի յարակից թաղամասերը։ «Գանձասար»ի աղբիւրին համաձայն, աւելի քան 15 հրթիռներ արձակուած են դէպի Սուլէյմանիէ, Շտապ օգնութեան ծառայողներ վիրաւորները կը փոխադրեն հիւանդանոց։

Հրթիռակոծուած են նաեւ Մոկամպօ,Խէլտիէ, Ազիզիէ, Սեյիտ Ալի, Ճապրիէ, Նոր Գիւղ, Թելէֆոն Հաուաի, Թըպ ալ Արապի շրջանները, հանրային պարտէզի շրջակայքն ու Նէյէլ պողոտան։

Արձանագրուած են բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Հաւատադրժողական ահաբեկչութեան ծառայող բարբարոսներ թիրախ դարձուցած են խաղաղ բնակչութիւնը։

Այսօր առաւօտեան տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Հալէպի հրթիռակոծման հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած եւ երէկ իր մահկանացուն կնքած Անի Աւագեանի յուղարկաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.