2016-05-02 10:19:00

''Կայուն զարգացումը եւ աշխատանքի ապագան'' նիւթին մասին միջազգային ուսումնաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ Արդարութիւն ու խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, համագործակցութեամբ աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան և միջազգային Քարիթասի օգնութեամբ, 2 - 5 Մայիս 2016-ին, տեղի կ՛ունենայ  ''Կայուն զարգացումը եւ աշխատանքի ապագան'' նիւթին մասին միջազգային ուսումնաժողով։

Վերոնշեալ ուսումնաժողովի նպատակակէտն է ''սերտել ու խորացնել իմաստը կաթողիկէ ընկերային վարդապետութեան, հայող մարդու արժանավայել աշխատանքին, ունենալով որպէս դիտաւորութիւն` սատարել աղքատութեան բնաջնջումին'' կը գրէ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Փիթեր Ափիա Թուրքսոն այս առթիւ յղած իր հրաւէրի նամակին մէջ։

Նշենք թէ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, ամէն տարի` Մայիս մէկին, բանուորներու միջազգային օրուան ու բանուոր ս. Յովսէփի տօնին առթիւ, պատարագ կը մատուցէ բանուորներու համար։

Վերոնշեալ ուսումնաժողովը սկիզբ կ´առնէ երկուշաբթի 2 մայիսի երեկոյեան ապա նիստերը կը շարունակուին 3 և 4 Մայիսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 100-է աւելի մասնագէտներ որոնք կը շօշափեն հետեւեալ նիւթերը. ''Աշխատանքի աշխարհին յեղաշրջումը, երիտասարդութիւնը ու աշխատանքի երաշխաւորումը, բարոյականութիւն ու աշխատանք և խաղաղութեան արժէքը ընկերային արդարութեան ու զարգացումի ընդմէջէն։

Կիրակի` 1 մայիս 2016-ի կէսօրին, Ողջ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքին ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն ըսաւ. Վաղը բացումը կը կատարուի միջազգային ժողովի մը որուն նիւթն է. ´´կայուն զարգացումը ու աշխատանքի ամենախոցելի երեւոյթները''։ Մաղթանքս է որ ժողովը կարողանայ յուզել իշխանութիւնները, քաղաքական և տնտեսական հաստատութիւնները ու քաղաքացիական ընկերութիւնը, որպէսզի զարկ տան զարգացումի տիպարի մը` որ նկատի առնէ մարդկային արժանաւորութիւնը, լիովին յարգելով աշխատանքի ու բնապահպանումի օրէնքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.