2016-05-01 12:33:00

Մարեմեան Աղօթք. Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Սուրիոյ մէջ դադրեցնելու բռնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 1 մայիս 2016։ Այսօր Արեւելեան եկեղեցիները, որոնք Յուլիանոսի օրացոյցին կը հետեւին, կը տօնախմբեն Յիսուսի Յարութեան տօնը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը թուիթի մը միջոցաւ ուզեց իր բարեմաղթութիւնները յայտնել օրթոտոքս հաւատացեալներուն, ապա Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին դարձեալ վերյիշեց զանոնք, ու   նորոգեց` Յիսուսի Յարութեան աւետիսով, բարի մաղթանքները։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապ, սովորութեան համաձան արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն ընթացքին անդրադարձաւ օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն, որոնք քաղուած էին Յովհաննէս աւետարանիչէն (Գլ. 14­, 26) ուր կը խօսուի վերջին ընթրիքի մասին, երբ Յիսուս իր առաքեալներուն կը խոստանայ Սուրբ Հոգին, որ պարտականութիւնը պիտի ունենայ զանոնք դաստիարակելու, յիշեցնելու եւ առաջնորդելու։

Մենք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը միայնակ չենք։ Յիսուս մեր մօտն է ու անոր ներկայութիւնը կը կատարուի Սուրբ Հոգւոյն պարգեւով, որուն միջոցաւ կարելի է կապ պահել Խաչեալ եւ Յարուցեալ Յիսուսին հետ։

Մենք մինակ չենք, կրկնեց Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով թէ Սուրբ Հոգւոյն ներկայութեան նշաններէն մին է նաեւ խաղաղութիւն` զոր Յիսուս կու տայ իր աշակերտներուն. <<Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի>>։

Խաղաղութիւն մը որ տարբեր է մարդոց խաղաղութիւնէն։ Խաղաղութիւն մը որ կը յաղթէ մեղքը եւ եսասիրութիւնը։ Ամէն մէկ առաքեալ որ այսօր կ՛ուզէ հետեւիլ Յիսուսին` խաչը կրելով, կ՛ընդունի այդ Յարուցեալ Խաչեցեալին խաղաղութիւնը, յաղթանակի վստահութեամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հայցեց Սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը, որպէսզի օգնէ մեզ` ընդունելու Սուրբ Հոգին, որպէս ներքին դաստիարակիչ եւ Քրիստոսի Յիշատակ։ 

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ` ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները­ յատուկէն վերյիշեց Սուրիոյ ու մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքին պատերազմի պատճառաւ ապրած ողբերգութիւնը ու հրաւիրեց հակամարտող կողմները յարգելու կրակմարը ու դադրեցնելու բռնութիւնները, ամրապնդելով երկխօսութիւնը որ է, ըսաւ Ան, միակ ճանապարհը խաղաղութեան։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա անոնք որոնք կը պայքարին ''մանուկներու դէմ գործադրուած չարաշահումներուն'' դէմ ու քաջալերեց այդ անձերը շարունակելու իրենց այս յանձնառումը, հաստատելով թէ անչափահասներու չարաշահումը ողբերգութիւն մըն է ու թէ պէտք չենք հանդուրժել այս մէկը ու թէ պէտք ենք ''պաշտպանել անչափահասները ու խստօրէն պատժել չարաշահողները''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն ու տարբեր վայրերէ ժամանած զանազան խումբերուն, հուսկ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ  բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.