2016-04-30 09:21:00

Վերջ գտաւ Հունգարիոյ մէջ կայացած եւրոպական համալսարանական հովուութեան հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հունգարիոյ Szeged քաղաքին մէջ վերջ գտաւ եւրոպական համալսարանական հովուութեան եռօրեայ հանդիպումը։ Յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ` 2017-ին։

Ամէն տարի Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը կը կազմակերպէ համալսարանական հովուութեան հանդիպում, բանակցելու անչափահասներու ու երիտասարդներու իրավիճակին մասին։ Նախապատրաստական աշխատանքը կը ծրագրեն նոյնինքն ուսանողները որոնք կ´որոշեն նաեւ կլոր սեղանի նիւթերը։ Ուսանողներուն կ´իյնայ հարցումներ ուղղել ու իրենց դիտողութիւններն ու առաջարկները բանաձեւել, օգնելու ուսանողներու հովիւներուն, լաւագոյնս ըմբռնելու նոր սերունդի հովուական մարտահրաւէրները։








All the contents on this site are copyrighted ©.