2016-04-30 09:15:00

Հալէպի եւ այլ շրջաններու մէջ զինադադար՝ Ռուս-Ամերիկեան համաձայնութիւն


Ժընեւի մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ռուս եւ ամերիկացի զինուորականները մարտական գործողութիւններու դադրեցման յատուկ յանձնախումբի ծիրին մէջ գոյացուցած են 30 ապրիլէն սկսեալ Սուրիոյ «տաք» շրջաններուն մէջ զինադադար հաստատելու շուրջ:
Աղբիւրը նշած է, որ համաձայնութիւնը կը վերաբերի Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի արուարձաններուն, ուր զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ զինադադարի դրութիւնը վերջնական ժամկէտներ չունի:
Նշենք, որ Մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ մարդասիրական հարցերու յատուկ յանձնախումբերը ստեղծուած են Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խումբի 11 փետրուարի որոշումով: Յանձնախումբերը կ՛աշխատին Ժընեւի մէջ եւ անոնց մաս կը կազմեն Սուրիոյ աջակցութեան միջազգային խմբակի անդամ երկիրներու դիւանագէտներ եւ զինուորականներ:
Յանձնախումբերու համանախագահներն են Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները:

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Հայ Ծերանոցի Հանդիպակաց Թաղը Հրթիռակոծումի Թիրախ Դարձաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2016-ին, ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ Հայ ծերանոցի` այժմու «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցին հանդիպակաց թաղի շէնք մը: Ուժգին պայթումին իբրեւ հետեւանք ցնցուեցաւ ամբողջ Նոր Գիւղի շրջանը: Հրթիռը ուղիղ ինկաւ շէնքի մը վրայ: Փուլ եկաւ շէնքին ներսի մասը ամբողջութեամբ:
Արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Փլատակներու տակէն դուրս հանուեցան զոհերն ու վիրաւորները եւ անմիջապէս տեղափոխուեցան հիւանդանոց. շրջանի բնակիչները, շրջանի հայկական ակումբի տղաքը, բանակն ու շտապ օգնութիւնը փութացին օգնութեան:
«Պայթումին պատճառով մեծ վնաս կրեց նաեւ Հայ ծերանոցը: Շէնքին ապակիները փշրուեցան, կարգ մը առաստաղներ եւ այլ բաժիններ քանդուեցան: Անմիջական կարգադրութիւնները տեղի ունեցան պատսպարեալներու եւ պաշտօնէութեան նախնական ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, այժմ մտահոգիչ բան չկայ: Արդէն շէնքի անմիջական նորոգութիւններ կը կատարուին», հաղորդած է «Բերիոյ նիուզ»:
Նշենք, որ այս շաբթուան ընթացքին ընդդիմադիր զինեալ խումբերը խախտելով զինադադարը` հարիւրաւոր հրթիռներ արձակած են քաղաքի ամբողջ տարածքին վրայ








All the contents on this site are copyrighted ©.